image

Վրաստանը շահագրգռուած է Հայ-Ատրպէյճանական կարգաւորումով

Վրաստանը շահագրգռուած է Հայ-Ատրպէյճանական կարգաւորումով

Վրաստանը շահագրգռուած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան դադրեցմամբ. այս մասին, «Սփութնիք» գործակալութեան վրացական ծառայութեան հաղորդմամբ, ըսած է երկրի նախագահ Միխէիլ Քաւելաշվիլին:

«Վերջերս մեր տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւն եղաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, եւ մենք հակամարտութիւնը դադրեցնելու շահագրգիռ կողմերէն մէկն ենք:

Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել երկու երկիրներու կառավարութիւններուն հակամարտութիւնը դադրեցնելու պատրաստակամութեան համար: Խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կարեւոր են տարածաշրջանի համար եւ հնարաւորութիւններ կը բանան բոլոր երեք երկիրներու համար», -ըսած է Քաւելաշվիլին: