image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ–ն շահագրգռուած է Ռուսիոյ հետ արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութեան շարունակմամբ. Միրզոյեան

ՀՀ–ն շահագրգռուած է Ռուսիոյ հետ արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութեան շարունակմամբ. Միրզոյեան

Հայաստանը շահագրգռուած է Ռուսիոյ հետ արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութիւնը շարունակելու հարցով։ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման ժամանակ այս յայտարարութիւնն ըրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։

Ան ընդգծած է` այս հանդիպումը լաւ հնարաւորութիւն է երկկողմ համագործակցութեան հարցերը քննարկելու եւ տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգերու շուրջ միտքերու հանգամանալից փոխանակման համար։

«Հայաստանը շահագրգռուած է արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութիւնը շարունակելու հարցում`ուղղուած մեր երկկողմ յարաբերութիւններին եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանային իրավիճակին վերաբերող հարցերի քննարկմանը։ Հայաստանը միշտ հաւատարիմ է եղել բաց եւ կառուցողական երկխօսութեան սկզբունքներին, մենք յուսով ենք, որ Ռուսաստանը հետագայում եւս հաշուի կ՚առնի տեղի ունեցողի բոլոր ասպեկտները` խուսափելով միակողմանի մեկնաբանութիւններից։ Ցաւօք, մենք դրանք տեսել ենք վերջին ժամանակներում»,– նշած է ան։

Միրզոյեանը յոյս յայտնած է, որ այսօրուան հանդիպումը կը նպաստէ փոխըմբռնման։ Միջազգային հարթակներու վրայ համագործակցութեան ծիրէն ներս նախարարը յայտարարած է, որ Երեւանը միշտ կը փորձէ ըմբռնումով մօտենալ Մոսկուայի շահերուն եւ կ՚ուզէ, որ ռուսական կողմը եւս ինչ–որ չափով հաշուի առնէ Հայաստանի շահերը։

Միրզոյեանը ՀՀ-Ռուսիա գործընկերութեան կարեւոր բաղադրիչ համարած է տնտեսութիւնը։ Անոր խօսքով` կը նկատուի կայուն դրական ազդեցութիւն, որ բարենպաստ ազդեցութիւն կ՚ունենայ առեւտրային յարաբերութիւններու զարգացման վրայ։ Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ իր այցը նպատակաուղղուած է նաեւ միջկառավարական յանձնաժողովի տնտեսական համագործակցութեան, միջխորհրդարանական յանձնաժողովի եւ այլ կարեւոր հարթակներու ձեւաչափով համագործակցութեան զարգացման: Ան ընդգծած է`խօսքը կը վերաբերի նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) շրջածիրէն ներս տնտեսական փոխգործակցութեան։

Նշենք, որ Միրզոյեանը Մոսկուա մեկնած է աշխատանքային այցով։ Քրեմլը յայտնած էր, որ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները կարծիքներ պիտի փոխանակեն ռուս-հայկական յարաբերութիւններու ամբողջ համալիրի, եւրասիական տարածքին մէջ ԵԱՏՄ եւ այլ համարկային միաւորումներու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան, համաշխարհային օրակարգի արդիական հարցերու շուրջ, ուշադրութեան կեդրոն պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու հաւասարակշռուած կարգաւորման հասնելու նպատակով։

Նշենք, որ նախարարները վերջին անգամ երկկողմ հանդիպում ունեցած էին 2023 թուականի նոյեմբերին Հիւսիսային Մակետոնիայի մէջ ԵԱՀԿ Արտաքին գործոց նախարարական խորհուրդի շրջածիրէն ներս։