image

ՀՅԴ Խորհրդաժողով Երեւանի մէջ.Բիւրոյի յայտարարութիւնը

   ՀՅԴ Խորհրդաժողով  Երեւանի մէջ.Բիւրոյի  յայտարարութիւնը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Բիւրոյի հրաւէրով, Փետրուար 19-20-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ընդլայնուած խորհրդաժողով մը՝ մասնակցութեամբ աւելի քան 20 երկիրներէ ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն։

Խորհրդաժողովին հանգամանօրէն քննուեցան աշխարհասփիւռ հայութեան եւ հայոց պետականութեան առջեւ կանգնած հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ համակարգուած եւ ցանցային աշխատանքներու իրականացման ուղիները։

Յատկապէս շեշտուեցաւ ազգային ինքնութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանումը, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր պետականութեան դէմ ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրներուն եւ սպառնալիքներուն դիմակայելու գործին մէջ հետեւողական ու միասնաբար, բոլոր ճակատներուն վրայ աշխատանքները շարունակելու հրամայականը։

ՀՅԴ Բիւրօ