image

Իրան դատապարտած է Լիբանանի դէմ եղած Իսրայէլի հարուածները

Իրան դատապարտած է Լիբանանի դէմ եղած Իսրայէլի հարուածները

Թեհրանը խստօրէն կը դատապարտէ Լիբանանի Պեքաա շրջանին, ինչպէս նաեւ փախստականներու ճամբարին Իսրայէլի յարձակումները, որոնց հետեւանքով զոհուած եւ տուժած է աւելի քան 40 մարդ:

Իրանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային յայտարարած է, որ հրադադարի երաշխաւորները՝ ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան, պատասխանատու են ստեղծուած իրավիճակի համար: Ան կոչ ըրած է ՄԱԿ-ին անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու:

Աւելի վաղ Իսրայէլի օդուժը հարուածներ հասցուցած էր Լիբանանի արեւելքին: Նշուած է, որ զոհերու շարքին է «Հըզպալլա»ի բարձրաստիճան պաշտօնեայ: Իսրայէլի բանակը յայտարարած է, որ թիրախաւորած է Պեքաայի հովիտին մէջ խմբաւորման պատկանող կառոյցներ: