image

Թրամփ Իրանի միջուկային խնդրի լուծման քանի մը տարբերակ կը դիտարկէ. Axios

Թրամփ Իրանի միջուկային խնդրի լուծման քանի մը տարբերակ կը դիտարկէ. Axios

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը պատրաստ է քննարկելու առաջարկ, որ Իրանին պիտի թոյլատրէ խորհրդանշական միջուկային հարստացում, եթէ այն ռումբ ստեղծելու հնարաւոր ճանապարհ չթողէ։

Այս մասին Axios-ին յայտնած է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեան։

Աղբիւրին համաձայն՝ սա կը նշանակէ, որ կրնայ ստեղծուիլ փոքր հնարաւորութիւն մը՝ Իրանի միջուկային ներուժը սահմանափակելու եւ պատերազմը կանխելու համար՝ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի կողմէ սահմանուած կարմիր գիծերուն միջեւ։

Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, Թրամփին առաջարկուած են նաեւ ռազմական տարբերակներ, որոնք կը նախատեսեն ուղիղ յարձակում Իրանի գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամենէիի դէմ։