image

Ուշագրաւ փաստեր Եղիսաբէթ Բ. Թագուհիին մասին

Ուշագրաւ փաստեր Եղիսաբէթ  Բ. Թագուհիին մասին

CBS News-ը հետաքրքիր փաստեր ներկայացուցած է Մեծ Բրիտանիոյ Եղիսաբէթ թագուհիի հարստութեան եւ Քարլոս Գ. թագաւորի ժառանգութեան մասին:

70 տարի գահակալած Եղիսաբէթ թագուհիի ունեցուածքի մեծ մասը նիւթական աւնադներ են, որոնք այդքան ալ չեն արժեւորուած, օրինակ՝ Microsoft-ի կամ Amazon-ի բաժնետոմսերը, որոնք աճած են համապատասխանաբար 240,000  եւ 146,000 տոկոսով։ Թերեւս այդ է պատճառը, որ Եղիսաբէթ թագուհիի անձնական կարողութիւնը համեմատաբար համեստ կը թուի:  Այնուամենայնիւ, Եղիսաբէթ թագուհիի պատմական թագաւորութիւնը օգնած է  ամրապնդելու բրիտանական միապետութեան ապրանքանիշը, որ 2017 թուականին գնահատուած է մօտ 78 միլիառ տոլարով՝ ըստ Brand Finance խորհրդատուական ընկերութեան: Այս ցուցանիշը կը ներառէ այնպիսի նիւթական աւնադներ, ինչպիսիք են Պաքինկհամ պալատը, ինչպէս նաեւ միապետութեան ապրանքանիշի ոչ նիւթական արժէքը, որ կը խթանէ զբօսաշրջութիւնը դէպի Մեծ Բրիտանիա եւ ապրանքներու վաճառքը, որոնք կը կրեն թագաւորական երաշխիք կամ զինանշան, կը նշէ խորհրդատուական ընկերութիւնը:

Թագուհիի անձնական հարստութիւնը կազմուած է արուեստէն, ոսկերչական իրերէն, ներդրումներէն եւ անշարժ գոյքէն, որ կը ներառէ Սքոթլանտական Պալմորալ ամրոցը, ուր ան մահացաւ, եւ Սանտրինկըմ Հաուսը Անգլիոյ մէջ: Այս բոլորը միասին կը գնահատուին 500 միլիոն տոլար՝ ըստ Forbes-ի: Forbes-ի տուեալներով՝ անոր անձնական ունեցուածքին մեծ մասը պիտի ժառանգէ Քարլոս Երրորդ թագաւորը։

Բրիտանական միապետը օրինականօրէն ազատուած է հիմնական հարկերէն մէկէն՝ ժառանգութեան հարկէն:  

Այժմ Քարլոս Երրորդը  չի կրնար վաճառել աւնադները։ Վերջին ֆինանսական հաշուետւութեան համաձայն՝ Crown Estate Corporation-ը կը ներառէ 34,3 միլիառ տոլար գնահատուած աւնադներ եւ անշարժ գոյք: Այն կը ներառէ Պաքինկհամ պալատը, Քենսինկթըն պալատը, հողատարածք եւ գոյք ամբողջ Լոնտոնի եւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ: Հսկայական կառավարչական ընկերութիւնը կը վերահսկուի անկախ կազմակերպութեան կողմէ, այլ ոչ թէ թագաւորական ընտանիքի անդամներու կողմէ, եւ աւելցուկային եկամուտները տարեկան կը փոխանցուին Մեծ Բրիտանիոյ գանձարան: Թէեւ Քարլոս թագաւորը չի կրնար տնօրինել աւնադները անձնական շահի համար, բայց թագաւորական ընտանիքը նիւթապէս կը շահի անոր ունեցուածքէն: Ընկերութեան շահոյթի առնուազն 15 տոկոսը կ'երթայ թագաւորական ընտանիքին։

Մինչեւ թագաւոր դառնալը արքայազն Չարլզ կը կրէր Քորնուոլի դուքսի տիտղոսը, որ անոր իրաւունք կու տար կառավարելու Քորնուոլի դքսութիւնը: Դքսութիւնը այժմ կ'անցնի Չարլզի աւագ որդիին՝ արքայազն Ուիլիըմին։

Ըստ Fortune-ի՝ Քորնուոլի դքսութիւնը կը կազմէ աւելի քան 130 000 ակր՝ 1,3 միլիառ տոլար արժողութեամբ։ Ըստ Ուելզի արքայազնի կայքին՝ Չարլզ դքսութենէն տարեկան վաստակած է 24 միլիոն տոլար։ 1990 թուականին Չարլզ հիմնած է Duchy Organics կոչուող սնունդի ձեռնարկատիրութիւնը՝  35 միլիոն տոլար արժողութեամբ։ Ան համագործակցած է Waitrose մթերային ցանցի հետ 2010 թուականին եւ անկէ յետոյ աւելի քան 35 միլիոն տոլար նուիրաբերած է Ուելզի արքայազնի բարեգործութեան՝ ըստ Waitrose-ի: ձեռնարկատիրութիւնը կը գործէ Քորնուոլի դքսութենէն դուրս, եւ ամբողջ շահոյթը կ'երթայ բարեգործական կազմակերպութիւններուն: