image

Չինաստանի կողմէ Ռուսիոյ զէնքի մատակարարման մասին դեռ փաստեր չկան. Պորել

Չինաստանի կողմէ Ռուսիոյ զէնքի մատակարարման մասին դեռ փաստեր չկան. Պորել

Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել յայտարարած է, որ ԵՄ ապացոյցներ չունի, որ Չինաստանէն զէնք կը մատակարարուի Ռուսիա։ Ան այդ մասին ըսած է Սինկափուրի մէջ կայացած «Շանկրի–Լա երկխօսութիւն» գագաթնաժողովին:

«Չինաստան պարտաւորուած է զէնք չմատակարարել, եւ մենք ապացոյցներ չունինք, որ այդ տեղի կ'ունենայ», - նշած է Պորել:

Ավելի վաղ Մեծ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Կրանթ Շափս յայտարարած էր, որ Լոնտոնն ու Ուաշինկթըն իբրեւ թէ «ապացոյցներ» ունին, որ Չինաստան զէնք կը մատակարարէ Ռուսիոյ կամ մտադիր է մատակարարելու Ուքրանիոյ հակամարտութեան մէջ օգտագործելու համար:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ի պատասխան մեղադրանքներուն, յայտարարած է, որ արդարացի եւ առարկայական դիրքորոշում ունի Ուքրանիոյ իրադրութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ խելամիտ եւ պատասխանատու մօտեցում կը ցուցաբերէ զէնքի եւ երկակի նշանակութեան ապրանքներու արտածման հարցով՝ օրէնքներուն եւ կանոններուն համապատասխան։