Ամէն անգամ, որ պսակադրութեան կամ ծնունդի լուր կը հրապարակենք մեր մտքերուն մէջ կը պարզուի այն զուլալ պատկերը, որ այդպիսով կը փորձենք կաթիլ մը յոյս ներդնել մեր ընթերցող հասարակութեան սրտերուն մէջ։
Առանց ակնկալիքներու կը հրապարակենք այդ բարի լուրերը, ու նաեւ մեծ շեշտով կը ներկայացնենք այն միասնութիւնները, ուրախութիւնները եւ բարի առիթները, որոնք կը գոյնանան հայրենի երկնակամարին տակ։
Այսօրուան ուրախ առիթը աւելիով իմաստ կը ստանայ, որովհետեւ իրենց սրտերը սուրբ խորանի առջեւ միացուցած երիտասարդները ՝ հալէպահայեր են, որոնք պատերազմի հետեւանքով եկած եւ կայք հաստատած են Երեւանի մէջ։
Եւ այսպէս «Արեւելք»ի Երեւանի մեր աղբիւրը կը տեղեկացնէ, թէ Նորայրի եւ Արփիի միջեւ ծագած սէրը զիրենք տարած է Ս. Խորան: Փետրուար 20-ին, Երեւանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ անոնք այո ըսին, ներկայութեամբ ծնողներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն:
Նորայր Չարքեան մասնագիտութեամբ՝ քիմիագէտ Հայաստանի մէջ քանի մը տարուայ ընթացքին կրցած է հիմնել իր ասպարէզին վերաբերեալ փոքր ձեռնարկատիրութիւն մը: Արփի Տարագճեան դեղագործուհի՝ արդէն կ'աշխատի Երեւանի մէջ իր մասնագիտութեամբ:
Նորապսակ երիտասարդները ըլլալով ազգային գործիչներու ընտանիքի զաւակներ, իրենք ալ ազգային ոգիով տոգորուած, որոշած են իրենց համատեղ կեանքը շարունակել հայրենի երկնքի ներքոյ։
