Երեւանի «Արեւելք»ի աղբիւրէն վերահասու դարձանք, որ օրերս արմատներով հալէպահայ երիտասարդներ՝ արժանի դարձած են Սուրբ Պսակի խորհուրդին։
Հայրենադարձ մեր հայրենակիցներու Սուրբ Պսակի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Երեւանի Արաբկիր շրջանի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ի ներկայութիւն հարազատներու, բարեկամներու եւ մտերիմներու հոծ բազմութեան մը։
Ուրախալին այս լուրին առընթեր այն է, որ երիտասարդ զոյգը իրենց կեանքը պիտի շարունակեն հայրենի երկինքի ներքոյ այդպիսով ալ օրինակ եւ խթան հանդիսանալով հայրենադարձութեան այդքան կարեւոր գործօնին։
Նշենք նաեւ, որ Յակոբ Հրեշտակեան սեփականատէրն ու տնօրէնն է միջազգային լեզուիմացութեան «Պէրլիթց» կեդրոնին, մինչ կողակիցը՝ Ալին Թիւֆէնկճեան՝ դեղագէտ է։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Յակոբ Հրեշտակեան արժանի որդին է Հալէպահայ շրջանակներուն մօտ մեծ յարգանքի ու վաստակի տէր Տիար Կարօ Հրեշտակեանին։
Մեր խնդակցութիւնները։