image

Երեւան. Լոյս աշխարհ եկած է Կարօ Հրեշտակեանը ( Լուսանկար)

Երեւան. Լոյս աշխարհ եկած է Կարօ Հրեշտակեանը ( Լուսանկար)

Տարի մը առաջ  Հայց. Եկեղեցւոյ Սուրբ խորանին օրհնութեան տիրացած երիտասարդ ամոլ՝ Յակոբ եւ Ալին Հրեշտակեաններ օրերս  բախտաւորուած են  առջինեկ որդիով մը՝ Կարօ։

«Արեւելք», այս աւետիսը ստանալով, տեղեկացաւ, նաեւ, որ անոնք, Երեւանին մէջ ամուսնանալով, որոշած էին իրենց կեանքի ընթացքը շարունակել եւ սիրոյ միութիւնը ամուր պահել  Հայաստանի  երկնակամարին ներքոյ։

Յակոբ Հրեշտակեան սեփականատէրն ու տնօրէնն է միջազգային լեզուաիմացութեան «Պէրլիթց» կեդրոնին, մինչ կողակիցը՝ Ալին Թիւֆէնկճեան՝ դեղագէտ է։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Յակոբ Հրեշտակեան արժանի որդին է հալէպահայ շրջանակներուն մօտ մեծ յարգանքի ու վաստակի տէր Տիար Կարօ Հրեշտակեանին։

Բախտաւոր եւ առողջութեամբ զեղուն օրեր կը մաղթենք փոքրիկն Կարոյին եւ անոր ծնողներուն։