Ռազմական յատուկ գործողութիւնները կ'ընթանան ըստ ծրագրի, յարձակման դանդաղեցումը գիտակցուած որոշում է, որու նպատակն է նուազագոյնի հասցնել քաղաքացիական անձանց շրջանին զոհերու քանակը։ Այս մասին Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհրդակցութեան ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկուն։
Անոր խօսքով՝ յատուկ ռազմական գործողութեան ժամանակ ռուս զինուորականները խստօրէն կը պահպանեն մարդասիրական իրաւունքի նորմերը։ Հարուածները կ'իրականացուին գերճշգրիտ զինատեսակներով Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ռազմական ենթակառուցուածքներու ուղղութեամբ՝ օդակայաններու, հրամանատարական կէտերու, ամրացուած տարածքներու, ռազմարդիւնաբերական համալիրի կառոյցներու եւ պահեստներու ուղղութեամբ։
Միաժամանակ, Շոյկուի պնդմամբ, ամէն ինչ կը կատարուի խաղաղ բնակչութեան շրջանին զոհերէ խուսափելու համար։
«Ի հարկէ, այդ մէկը կը դանդաղեցնէ յարձակման ընթացքը, բայց մենք այդպէս կ'ընենք գիտակցաբար»,- ըսած է Շոյկուն։
Ան աւելցուցած է, որ յատուկ ռազմական գործողութիւնն Ուքրանիոյ մէջ կ'ընթանայ ըստ ծրագրի, բոլոր խնդիրները կը կատարուին: