image

Ուքրանիոյ տագնապ. Թուրքիան պատրաստ է «հիւրընկալման»

Ուքրանիոյ տագնապ. Թուրքիան պատրաստ է «հիւրընկալման»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ իր գործընկերներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Տմիթրի Քուլեպայի հետ: Հեռախօսազրոյցներու թեման եղած է ռուս-ուքրանական լարուածութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:

Չաւուշօղլուն Լաւրովի հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է խնդիրը լուծելու հարցով դիւանագիտական նախաձեռնութիւններու կարեւորութեան եւ այդ ծիրին մէջ եւս մէկ անգամ յայտնած է Թուրքիոյ պատրաստակամութիւյը Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ հանդիպումները հիւրընկալելու առումով: Հաղորդուած է, որ Լաւրովն ալ հաստատած է Մարտ 11-13-ին տեղի ունենալիք Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին եւ այդ օրերին նախատեսուող Ասթանայի ձեւաչափի (Սուրիոյ հիմնախնդրով) արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման իր մասնակցութիւնը:

Քուլեպայի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին նոյնպէս քննարկուած են ռուս-ուքրանական լարուածութեան առնչուող զարգացումներու հետ կապուած հարցեր: