Ուքրանիոյ մէջ աւելի քան 6 միլիոն բաժանորդ մնացած է առանց ելեկտրականութեան։ Այս մասին թելեկրամեան իր ալիքով յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։
Ան նշած է, որ 25 նոյեմբերի երեկոյեան անջատումները կը շարունակուին երկրի շրջաններու զգալի մասի ու Քիեւի մէջ։
Զելենսքին կոչ ըրած է Ուքրանիոյ տարածքին մէջ շարունակելու խնայողաբար օգտագործել ուժանիւթը։