Ռուս-ուքրանական պատերազմի խաղաղ կարգաւորման ամերիկեան 28 կէտէ բաղկացած ծրագիրը, որ հրապարակուած է նոյեմբեր 21-ին, մասամբ հիմնուած է այն առաջարկներու վրայ, որոնք Ռուսիան հոկտեմբերին փոխանցած էր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին։ Այս մասին Reuters-ին յայտնած են իրավիճակին ծանօթ աղբիւրները։
Աղբիւրներու խօսքով՝ ռուսական կողմն այդ փաստաթուղթը, որ՝ կը ներառէ Մոսկուայի պայմանները պատերազմի դադրեցման համար, փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հոկտեմբերի կէսերուն՝ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հանդիպումէն ետք։
Աղբիւրներն ընդգծած են, որ ամերիկեան ծրագիրը կը ներառէ աւելի վաղ ռուսական կողմի առաջարկած տարրեր, սակայն այդ առաջարկներու՝ 28 կէտերու մէջ համարկման ճշգրիտ մանրամասնութիւնները չեն բացայայտուիր։
Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեան ABC News-ին յայտնած է, որ ուքրանական կողմը համաձայնած է Միացեալ Նահանգներու հետ հնարաւոր խաղաղութեան համաձայնագրի պայմաններու շուրջ։
Նոյեմբեր 21-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ նոյեմբեր 27-ը վերջնաժամկէտ է՝ Ուքրանիոյ կողմէ իր խաղաղութեան ծրագրի պայմաններն ընդունելու համար: Ան 28 կէտէ բաղկացած Խաղաղութեան ծրագիր ներկայացուցած է։ Նոյն օրը Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին դիմած է բոլոր ուքրանացիներուն՝ Միացեալ Նահանգներու ծրագրի վերաբերեալ: Ան նշած է, որ այժմ երկիրը կրնայ շատ բարդ ընտրութեան առաջ կանգնիլ՝ կա՛մ ընդունիլ դժուարին 28 կէտերը, կա՛մ մտնել ծայրայեղ ծանր ձմեռ՝ դիմակայելով հետագայ վտանգները: