Ուքրանական զօրքերը յարձակման փորձ ձեռնարկած են Նիքոլաեւի եւ Խերսոնի մարզերուն մէջ, Ռուսիոյ Դաշնութեան Զինուած Ուժերու պաշտպանական քայլերու հետեւանքով Ուքրանոյ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները մեծ կորուստներ կրած են։ Այս մասին երկուշաբթի լրագրողներուն յայտնած են ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութենէն։
«Այսօր՝ օրուայ ընթացքին, (Ուքրանոյ նախագահ Վլատիմիր) Զելենսքիի անմիջական հրահանգով ուքրանական զօրքերը երեք ուղղութեամբ յարձակման փորձ կատարած են Նիքոլաեւի եւ Խերսոնի մարզերուն մէջ։ Ռուսական զօրքերու խմբաւորման աշխոյժ պաշտպանութեան հետեւանքով Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ստորաբաժանումները մեծ կորուստներ կրած են»,- նշած են ռազմական գերատեսչութենէն։
«Հակառակորդի կենդանի ուժի կորուստը կազմած է աւելի քան 560 զինծառայող: Հակառակորդի կողմէ յարձակողական գործողութիւններու հերթական փորձը ձախողած է», -աւելցուցած են Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութենէն: