Ամենամեայ աւանդութեամբ մը այս տարի նոյնպէս Երուսաղէմի հայոց միաբանութեան անդամները ուխտագնացութիւն մը կատարած են դէպի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայր՝ Յորդանանի գետ։ Այս տարուան այցելութիւնը աւելիով ոգեղինացած է, որովհետեւ ուխտաւորներուն միացած է Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. Պատրիարքը, որ օրերս ուխտագնացութեամբ մը կը գտնուէր Երուսաղէմ։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք այս մասին «Հայ Երուսաղէմն այսօր» դիմատետրեան էջին ներկայացուցած լրատւութիւնը։
22 Յունուարին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Երուսաղէմի հայ պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանի եւ Կ. Պոլսոյ հայ պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ արք. Մաշալեանի, ուխտի գնաց Յորդանան գետ, այն վայրը որտեղ ըստ աւանդութեան տեղի ունեցած է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը:
Մինչեւ գետ հասնելը, Միաբնութիւնը քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Երիքովի նահանգապետին:
Գետի ափին Սրբազան հայրերն ու միաբան հայրերը դիմաւորուեցան շրջանի զինուորապետին եւ սրբավայրի պատասխանատու սպային կողմէ: Ապա տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի յատուկ արարողութիւն, որը հանդիսապետեց Կ. Պոլսոյ հայ պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ արք. Մաշալեանը:
Գետի միւս ափից արարողութեանը մասնակցեցան Յորդանան ապրող մեր հայրենակիցները։ Արարողութեան աւարտին ներկաներուն քարոզներ տուին Կ. Պոլսոյ հայ պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ արք. Մաշալեանը եւ Յորդանանի առաջնորդ Հոգշ. Տ. Աւետիս ծ. վրդ. Իփրաճեանը: