2 դեկտեմբերը կարեւոր օր է աշխարհին համար, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի արտասահմանեան երկիրներու հետ ներդրումներու եւ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ, Ռուսիոյ ուղղակի ներդրումներու հիմնադրամի (RDIF) ղեկավար Քիրիլ Տմիթրիեւ:
«Կարեւոր օր աշխարհի համար. նախագահ Թրամփի Կազայի հարցով խաղաղութեան համաձայնագիրը մշակած խումբը պիտի այցելէ Մոսկուա՝ Թրամփի՝ Ուքրանիոյ խաղաղութեան օրակարգն առաջ մղելու համար», - գրած է Տմիթրիեւ X-ին մէջ։
Յիշեցնենք, որ Վլատիմիր Փութին պիտի հանդիպի Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի հետ։ Հիմնական թեման պիտի ըլլայ ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորումը, անոր կարգին՝ Միացեալ Նահանգներու առաջարկներն այս հարցին վերաբերեալ։ Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էր Ռուսիոյ ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, հանդիպումը պիտի կայանայ կէսօրին։