Պառակտում տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան՝ երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժի ներսը, կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն։
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, թէ Անգարայի դատարանը անվաւեր ճանչցած է Թուրքիայի Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան 38-րդ համագումարի (որ տեղի ունեցած էր 2023 թուականի նոյեմբեր 4-5-ին) արդիւնքները, որու ժամանակ կուսակցութեան նոր առաջնորդ ընտրուած էր Օզկիւր Օզէլը։
Դատարանի որոշման հիմք հանդիսացած են իբր յայտնաբերուած խախտումները՝ կապուած, ենթադրաբար, համագումարի պատուիրակները կաշառելու հետ։ Դատարանը որոշած է Օզէլը հեռացնել կուսակցութեան ղեկավարութենէն եւ կառավարումը ժամանակաւորապէս փոխանցել Թուրքիայի Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախկին նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլուին։
Քեմալականներու նախկին առաջնորդը ցանկութիւն յայտնած է վերադառնալու իր գրասենեակ, ինչը յարուցած է Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան բազմաթիւ համակիրներու դժգոհութիւնը։
Կուսակցութեան ներսը փաստացի պառակտում տեղի ունեցած է։ Օզէլի համակիրները ամօթանք տուած են Քըլըչտարօղլուին՝ յայտարարելով, որ ան կը համագործակցի իշխանութիւններուն հետ։