Իրանի խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Էպրահիմ Ազիզի յայտարարած է, որ երկրի իշխանութիւնները մօտ ապագային պիտի հրապարակեն Հորմուզի նեղուցին մէջ բեռնափոխադրումներու իրականացման եւ նաւերէ տուրքերու գանձման կարգը։
Այս մասին յայտնած է Iran International հեռատեսիլի կայանը։
Օրէնսդիրը նշած է, որ ներկայացուող համակարգէն օգտուիլ պիտի կարենան միայն առեւտրային նաւերը եւ Իրանի հետ համագործակցող կողմերը։ Ան աւելցուցած է, որ տուրքերու հաւաքագրումը պիտի ուղղուի համակարգին շրջածիրէն ներս մասնագիտացուած ծառայութիւններու մատուցման։
Տանըլտ Թրամփի՝ Փեքին կատարած այցի ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ NBC-ին յայտնած էր, որ Չինաստանի եւ ԱՄՆ իշխանութիւնները չեն ողջուներ Հորմուզի նեղուցով անցնող նաւերէ տուրք գանձելու Իրանի որոշումը։ Անոր վերաբերեալ դժգոհութիւն յայտնած էին նաեւ տարածաշրջանի երկիրները։