Միացեալ Նահանգները լաւ կարելիութիւններ ունի Իրանի հետ միջուկային հարցի շուրջ ժամանակաւոր համաձայնութեան հասնելու համար։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։
«Այս պահուն սեղանին վրայ շատ լաւ առաջարկ կայ՝ սահմանափակ ժամկէտով միջուկային բանակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ, եւ յոյս ունիմ, որ պիտի յաջողինք հասնիլ ատոր։ ԱՄՆ-ը կամ պիտի հասնի Իրանի հետ լաւ համաձայնագրի, կամ «հարցը այլ կերպ պիտի լուծէ»»։