Իրանն ու Միացեալ Նահանգները տակաւին հեռու են հաշտութեան վերջնական համաձայնագիր ստորագրելէ, այդուհանդերձ, երկու կողմերը համաձայնութեան հասած են հարցերու մեծ մասին շուրջ։ Այս մասին յայտնած է Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային։
«Այն, որ քննարկուող հարցերու մեծ մասի շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է՝ ճիշդ է, սակայն պնդել, թէ այդ կը նշանակէ, որ շուտով զինադադար պիտի ստորագրուի, ոչ ոք կրնայ»,– անոր խօսքերը կը մէջբերած է Tasnim գործակալութիւնը։
Պաղային նշած է, որ բանակցային գործընթացը կը բարդանայ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշման յաճախակի փոփոխութիւններուն պատճառով։
Ան նաեւ նշած է, որ Հորմուզի նեղուցի կառավարման հարցերը ներառուած չեն Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ, եւ այդ հարցերը պիտի որոշեն ափամերձ երկիրները։
«Ինչ կը վերաբերի յուշագիրին մէջ Հորմուզի նեղուցին, ապա մենք համաձայնագիրի մանրամասնութիւնները չենք քննարկեր։ Թէ ինչպէս պիտի կառավարուի նեղուցը, պիտի որոշուի ափամերձ երկիրներու կողմէ»,– ըսած է Պաղային։