Նիկոլ Փաշինեանը որոշած է խզել յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ. Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւը:
«Նիկոլ Փաշինեանը որոշած է խզել յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, եւ այդ պէտք է ուղիղ ընդունիլ։ Ան կը կարծէ, որ տարբեր քաղաքական հոսանքներու միջեւ խուսանաւելով՝ կրնայ Արեւմուտքի մէջ իրեն համար կեղծ հեղինակութիւն վաստակիլ՝ վտանգի տակ դնելով մեր երկրի հետ կապերը: Անոր քաղաքականութեան հետեւանքով Հայաստանը պիտի կորսնցնէ ռուսական շուկան եւ ամբողջ ԵԱՏՄ-ն»,-ըսած է ան:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Մետվետեւի այս յայտարարութեան, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը ըսած է, որ այդ պաշտօնեայի տեղեկութիւնները սխալ են, Հայաստանը շահագրգռուած չէ Ռուսիոյ հետ քաղաքական, տնտեսական, մնացած բոլոր կապերը խզելով։
«Մենք տրամադրուած ենք, ուզում ենք եւ ջանալու ենք պահել մեր բնականոն յարաբերութիւնները եւ խորացնել դրանք»,-նշած է Արտաքին գործոց նախարարը։
Հարցին՝ այդ պարագային ինչո՞ւ համար նմանատիպ յայտարարութիւններ կ՚ըլլան, այն ալ՝ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մակարդակով, Միրզոյեանը պատասխանած է՝
«Չեմ ուզում մեկնաբանել, չգիտեմ, վստահ էլ չեմ: Շատ չեմ էլ հասցնում քարոզարշաւի ընթացքում հետեւել, բայց ենթադրում եմ՝ դուք էլ մասնագիտացած էք այդ ոլորտում, որ հարց էք տալիս, խելացի անձնաւորութիւն էք, փորձէք ձեր ենթադրութիւնները անել»,-ըսած է Արարատ Միրզոյեանը՝ լրագրողին։