Ռուսական կողմը Հայաստանին առաջարկած է մեծ հզօրութեամբ աթոմային ելեկտրակայնի նախագիծ, որ կրնայ հոգալ Հայաստանի կարիքները շուրջ մէկ դար։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ բաժանմունքի տնօրէն Միխայիլ Քալուկին։
««Ռոսաթոմ» պետական ընկերութիւնը Հայաստանին առաջարկած է մեծ հզօրութեամբ կայանի նախագիծ, որ, եթէ ըլլար հայկական ղեկավարութեան կամքը, պիտի բաւարարէր երկրի կարիքները ուժանիւթի ոլորտին մէջ տասնամեակներ շարունակ, եթէ ոչ մէկ դար։ Ընդորում, այն պիտի ապահովէր ելեկտրականութեան մատչելի սակագիներ վերջնական սպառողի համար, որ, ի շարս այլոց, զգալիօրէն պիտի խթանէր երկրի արդիւնաբերութեան աճը»,- շեշտած է դիւանագէտը։
Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ Ռուսիան համաշխարհային առաջատար է աթոմային արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ եւ միշտ կրնայ Հայաստանին փոխանցել իր մշակումներն ու փորձը հանրապետութեան համար այնպիսի կարեւոր ոլորտի մէջ, ինչպիսին ուժանիւթն է։ Միեւնոյն ատեն ռուսական կողմը պատրաստ է արհեստագիտութիւններով բաժնեկցելու նաեւ թուայնացման ոլորտին մէջ։
«Այսօր մեր երկիրը աշխարհի այն երեք պետութիւններէն մէկն է, որոնք կը տիրապետեն ամէնէն առաջատար լուծումներուն»,- նշած է Քալուկինը։
Անոր համաձայն՝ օտարերկրացիները կը նկատեն Ռուսիոյ մէջ զարգացած համացանցային դրամատնային համակարգը, ինչպէս նաեւ պետական ծառայութիւններու եւ առողջապահութեան թուայնացման ոլորտին մէջ արձանագրուած նուաճումները։
«Եւ ասոնք միայն որոշ օրինակներ են այն ամէնուն, ինչ որ իր մէջ կը ներառէ ռուսական առաջարկը»,- ըսած է Ռուսիոյ ԱԳՆ բաժանմունքի տնօրէնը։
Խօսելով երկկողմանի յարաբերութիւններու ապագայի մասին՝ ան աւելցուցած է, որ Մոսկուան նպատակադրուած է Երեւանի հետ համատեղ եւ փոխադարձաբար հարստացնող համագործակցութեան։
«Այսպիսի մոտել դրուած է մեր երկիրներու համար ընդհանուր համարկման միաւորումներու հիմքը՝ ԵԱՏՄ, ԱՊՀ, ՀԱՊԿ։ Մենք միշտ փոխգործակցած ենք Հայաստանի հետ՝ հաւասարը հաւասարի պէս, երբեք չենք պարտադրած մշակութային ծածկագիր եւ չենք պահանջած զիջիլ ինքնութիւնը եւ պատմական տեսանկիւնէ կարեւոր խորհրդանիշները։ Մենք կը գնահատենք եւ կը յարգենք սփիւռքահայերուն կապը իրենց «փոքր Հայրենիք»-ին հետ»,- եզրափակած է Քալուկինը։
Ապրիլ 2-ին Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք «ԹԱՍՍ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած էր, որ Երեւանը կրնայ բախիլ երկրին մէջ ուժանիւթի պակասի, եթէ մինչեւ 2026-ի վերջը որոշում չտայ նոր աթոմակայանի կառուցման մասին։