2021 թուականին ամերիկացի գիտնականները հաշուած են, որ 9 երկիր կը տիրապետէ 13.100 կորիզային գլուխ ունեցող հրթիռի։ Միջուկային սպառազինման զգալի մասը բաժին հասած է ԱՄՆ-ին (5550) և Ռուսաստանին (6257): Վկայակոչելով գիտնականներուն հաշուարկները, միւս երկիրներուն ներուժը անհամեմատ համեստ է:
Յայտնի է, որ ԱՄՆ-ի կողմէն միջուկային հարուածը Ռուսաստանին՝ կը յանգեցնէ պատասխան արձագանգի շատ աւելի շուտ, քան միջուկային լիցքով առաջին մարտագլխիկը կը հասնի ռուսական տարածք: Սակայն ինչպէ՞ս կը դասաւորուի միջուկային պատերազմը երկու երկիրներու միջեւ:
Ռուսաստանի Դաշնութեան ռազմածովային ուժերու պահեստազօրային կապիտան Անտրէյ Պլեխանովի խօսքով՝ արձակումէն ետք, հրթիռը մինչեւ ԱՄՆ տարածք կը հասնի 20, իսկ սուզանաւէն՝ 10 վայրկեաններու ընթացքին: Բացի այդ, ԱՄՆ բնակչութեան խտութիւնը, որ գլխաւորապէս կենդրոնացած է երկու ափամերձ շրջաններու մէջ, կը դիւրացնէ ռուս զինուորականներու առաջադրանքը. բաւական է հարուածել քանի մը խոշոր քաղաքներու ուղղութեամբ եւ զոհերու թիւը կը հասնի տասնեակ միլիոններու: Թիրախաւորելով ԱՄՆ-ի քաղաքացիական հասարակութիւնը՝ ռուսական միջուկային հարուածին հետեւանքով մարդկային կորուստները մօտաւոր գնահատմամբ կը կազմեն մօտ 65 միլիոն: