image

Որ պարագային Ռուսիան դուրս կու գայ «Հացահատիկի գործարք»էն

Որ պարագային Ռուսիան դուրս կու գայ «Հացահատիկի գործարք»էն

Մոսկուան իրեն իրաւունք կը վերապահէ դուրս գալու հացահատիկային պայմանաւորուածութիւններէն, եթէ Քիեւը խախտէ մարդասիրական միջանցքը ռազմական նպատակներով չօգտագործելու խոստումները, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Անվտանգութեան խորհուրդի հետ հանդիպման ժամանակ: Այս մասին կը գրէ «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը։

Ինչպէս պարզաբանած է ռուսական պետութեան ղեկավարը, Ուքրանիան երաշխիքներ տուած է, որ հացահատիկի միջանցքը պիտի չօգտագործէ ռազմական նպատակներով։

«Այդ կապակցութեամբ ես յանձնարարական տուած եմ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ վերսկսելու մեր լիարժէք մասնակցութիւնը այդ աշխատանքներուն։ Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսիան իրեն իրաւունք կը վերապահէ դուրս գալու պայմանաւորուածութիւններէն, եթէ այդ երաշխիքները խախտուին Ուքրանիոյ կողմէ», - ընդգծած է Փութին։

Ռուսիոյ ղեկավարը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ ի սկզբանէ հացահատիկային գործարքի նպատակը եղած է օգնել աշխարհի ամենաաղքատ երկիրներուն, որուն համար ստեղծուած է Ուքրանիոյ կողմէ վերահսկուող սեւծովեան նաւահանգիստներէն հացահատիկի արտահանման մեքանիզմ։

«Բոլորը գիտեն, որ, ցաւօք, Ուքրանիան օգտագործեց այս մարդասիրական միջանցքը՝ փորձելով հարուածներ հասցնել Ռուսիոյ Սեւծովեան նաւատորմին: Այդ կապակցութեամբ մենք որոշեցինք դադրեցնել մեր մասնակցութիւնը հացահատիկի արտահանման», - ստեղծուած իրավիճակը նկարագրած է Ռուսիոյ նախագահը:

Անոր խօսքով՝ Մոսկուան Քիեւէն պահանջած է «հաւաստիացումներ եւ երաշխիքներ, որ ապագային նման բան տեղի չունենար, որ մարդասիրական միջանցքները ռազմական նպատակներով չեն օգտագործուիր»։

Թուրքիան որպէս միջնորդ հանդէս եկած է այս իրավիճակի պարզաբանման համար։

«Պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցով թրքական կողմէն տեղեկութիւն ստացուած է, որ Ուքրանիան նման երաշխիքներ տուած է, որ այդ մարդասիրական միջանցքները պիտի չօգտագործուին ռազմական նպատակներով»,-ըսած է Փութին՝ խօսելով գործարքին Ռուսասիոյ վերադարձի մասին։

Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիան, եթէ նոյնիսկ դուրս գայ հացահատիկային գործարքէն, պատրաստ է հացահատիկ մատակարարելու ամենաաղքատ երկիրներուն։ 

Փութին յատուկ շեշտած է, որ հացահատիկային գործարքը կեանքի կոչուած է ամենաաղքատ երկիրներու պարէնային անվտանգութեան շահերը ապահովելու պատրուակով, սակայն հացահատիկի միայն 4 տոկոսը անոնց մատակարարուած է Ուքրանիոյ տարածքէն։

«Մնացածը՝ հիմնական 46 տոկոսը, գացած է Եւրոմիութեան երկիրներ»,- յայտարարած է Փութին։

Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ Ռուսիան հետագային պիտի չմիջամտէ Ուքրանիայից Թուրքիա հացահատիկի մատակարարման։

«Մենք ապագային պիտի չմիջամտենք, ոչ մէկ պարագայի, Ուքրանիոյ տարածքէն հացահատիկի մատակարարման Թուրքիոյ Հանրապետութիւն, ես նկատի ունիմ ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ չէզոքութիւնը հակամարտութեան մէջ, նկատի ունիմ հացահատիկի վերամշակման արդիւնաբերութեան հնարաւորութիւնները, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի ջանքերը՝ ապահովելու ամենաաղքատ երկիրներու շահերը»,-ըսած է Ռուսիոյ նախագահը։

«Այստեղ մենք կասկածներ չունինք եւ ամէն պարագայի պիտի շարունակենք համագործակցիլ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ»,- եզրափակած է Փութին։