Չինաստանը ներկայացուցած է իր դիրքորոշումը ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորման վերաբերեալ, փաստաթուղթը հրապարակուած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքով։
Հակամարտութեան կարգաւորման ծրագիրը բաղկացած է 12 կէտէ.-
Յարգել բոլոր երկիրներու ինքնիշխանութիւնը, պահպանել միջազգային իրաւունքը եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը:
Հրաժարիլ «սառ պատերազմի» մտածելակերպէն եւ պահպանել այն սկզբունքը, որ «երկրի մը անվտանգութիւնը պէտք չէ ապահովուի միւսներուն հաշւոյն»:
Դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, խուսափիլ սրացումէ եւ աջակցիլ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ շարժման դէպի երկխօսութիւն:
Վերսկսիլ խաղաղ բանակցութիւններ, որպէս հակամարտութեան «միակ կենսունակ լուծում», Չինաստանը պատրաստ է «կառուցողական դեր խաղալ այս հարցին մէջ»:
Լուծել մարդասիրական ճգնաժամը, աւելցնել խաղաղ բնակիչներուն համար մարդասիրական միջանցքներու ստեղծումը, մեծցնել մարդասիրական օգնութիւնը, ՄԱԿ-ի աջակցութիւնը՝ որպէս այս ոլորտին մէջ գործունէութեան համակարգող:
Պաշտպանել քաղաքացիական անձերն եւ ռազմագերիները, ներառեալ փոխանակման համար «բարենպաստ պայմաններու» ստեղծումը:
Ապահովել աթոմակայաններու անվտանգութիւնը:
Պայքարիլ միջուկային, քիմիական կամ կենսաբանական զէնքի կիրառման սպառնալիքի դէմ:
Խթանել հացահատիկի արտածումը Սեւծովեան հացահատիկի նախաձեռնութեան ծիրին մէջ:
Դադրեցնել միակողմանի պատժամիջոցները, որոնք չեն լուծեր ընթացիկ խնդիրները, բայց կը ստեղծեն նորերը:
Աջակցիլ արտադրական եւ մատակարարման շղթաներու կայունութեան, հրաժարիլ օգտագործելէ համաշխարհային տնտեսութիւնը քաղաքական նպատակներով:
Խթանել յետհակամարտային վերակառուցումը, «Չինաստանը պատրաստ է աջակցիլ եւ կառուցողական դեր խաղալ այս գործին մէջ»: