«Արեւելք» Պէյրութէն վերահասու դարձաւ, որ ուրբաթ օր տեղի ունեցած է օրերս ի տէր հանգած Տ. Մանուէլ եպս. Պաթագեանի վերջին օծման, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը։
Կը նշուի մասնաւորապէս, որ ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2021-ի, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Զմմառու Մայրավանքին մէջ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց երջանկայիշատակ` Մանուէլ եպս. Պաթագեանի հոգւոյն հանգստեան դիտաւորութեան, որուն յաջորդեց յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը:
Յիշատակն Արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: