image

Վերջին դէպքերէն ետք. ԳՇ-ի պետը այցելած է բանակի երկրորդ գումարտակի կեդրոնատեղի

Վերջին դէպքերէն ետք. ԳՇ-ի պետը այցելած է բանակի երկրորդ գումարտակի կեդրոնատեղի

Յունուար 9-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-լեյտենանտ Էդուարդ Ասրեանն այցելած է 2-րդ բանակային գումարտակ, հանդիպած հրամանատարական կազմի հետ:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

«Այցի շրջածիրէն ներս զօրավար-լեյտենանտ Ասրեանը մասնակցած է զօրամիաւորման 2023 թուականի ուսումնական տարուան արդիւնքներու ամփոփման:

Էդուարդ Ասրեանը, անդրադառնալով զօրամիաւորման ենթակայ ստորաբաժանումներուն մէջ տեղի ունեցած դէպք-պատահարներուն, կարգադրած է ընել ամէն հնարաւորը՝ պատշաճ քննութիւն կայացնելու, պատճառները պարզելու, հետագային նմանօրինակ դէպքերը բացառելու համար:

Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետը կարգադրած է մարտական հերթապահութեան ընթացքին խստագոյնս հետեւիլ կանոնադրային յարաբերութիւններուն, պահպանել անվտանգութեան կանոնները, հետեւողականօրէն իրականացնել կարգապահութեան բարձրացմանն ուղղուած բոլոր միջոցառումները»:

Յիշեցնենք՝ յունուար 9-ին, մէկ օրուան մէջ երկու զինծառայողի սպանութեան դէպք արձանագրուած էր։ Առաջինը ժամը 06:20-ի սահմաններուն, Գեղարքունիքի մարզի մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած էր զինծառայող Կարէն Արայիկի Կարապետեանի դին՝ հրազէնային վնասուածքով։ Միւսը ժամը 11:30-ի սահմաններուն, երբ յայտնաբերուած էր աւագ լեյտենանտ Միքայէլ Սամուէլի Դանիէլեանի դին՝ հրազէնային վնասուածքով: Նշենք, որ լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններով՝ այս դէպքը եւս տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզի մէջ՝ Վարդենիսի զօրամասերէն մէկու մէջ։