Թուրք յայտնի գրող, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուք կոչ ըրած է Թուրքիոյ դադրեցնել «բանտային քաղաքականութիւն» վարել լրագրողներու ու մտաւորականներու հանդէպ, կը գրէ T24 կայքը:
Իր այս յայտարարութեամբ Փամուք քննադատած է օրեր առաջ Թուրքիոյ մէջ երեք ընդդիմադիր լրագրողներու ցմահ ազատազրկման դատապարտելն ու անարդար անուանած է այդ որոշումը:
«Մեզ միաւորողը ոչ թէ բանտ մտնելու վախն ու աւարտ չունեցող սպառնալիքները պէտք է ըլլան, այլ՝ խօսքի ազատութիւնն ու խաղաղութիւնը»,- ըսած է գրողը՝ նշելով, որ այս հիմնարար իրաւունքներն ու անոնց հանդէպ հաւատի զգացումը կորսնցնելը արգելք կը դնէ ժողովուրդի ապագայի վրայ: