Վերին Լարսի ճանապարհի վրացական հատուածին մէջ սահմանափակումներ կը մտցուին։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Վրաստանի տարածաշրջանային զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ինքնաշարժներու ճանապարհներու բաժանմունքը։
Բոլոր փոխադրային միջոցներու համար երթեւեկութիւնը կը սահմանափակուի Տեւտորաքի փակուղիի հատուածին մէջ, որ կը գտնուի Մցխեթա-Ստեփանծմինդա-Լարս մայրուղիի 132-135-րդ քիլոմեթրին:
Նշուած է, որ երթեւեկութիւնը կ'արգիլուի 15-17 օգոստոսը` ժամը 10։00-19։00-ը։ Ճանապարհահատուածը փակ պիտի ըլլայ նախապահպանական աշխատանքներու պատճառով։
Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի շրջանցել փակուղին։