image

Հայաստանէն մատակարարումներու սահմանափակումները քաղաքական չեն․ Մոսկուայէն նոր արձագանգ

Հայաստանէն մատակարարումներու սահմանափակումները քաղաքական չեն․ Մոսկուայէն նոր արձագանգ

Հայաստանէն որոշ պարէնային ապրանքներու մատակարարումներու նկատմամբ «Ռոսսելխոզնատզոր»-ի (ՌԴ անասնաբուժական եւ բուսասանիտարական վերահսկողութեան դաշնային ծառայութիւն) սահմանափակումները պայմանաւորուած են ոչ թէ քաղաքականութեամբ, այլ յայտնաբերուած խախտումներով։ Այս մասին «Ռոսիյսքայա Կազեթա» օրաթերթին յայտնած է գերատեսչութեան ղեկավար Սերկէյ Տանքվերթը։

«Տուեալ պարագային խօսքը բոլորովին այլ բանի մասին է»,– ըսած է Տանքվերթը։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի հիմնական խնդիրը արտադրութեան եւ վերահսկողութեան կազմակերպումն է։ Մասնաւորաբար, Տանքվերթ մատնանշած է այն հանգամանքը, որ այնտեղ կը գործեն մեծ թիւով փոքր գիւղատնտեսներ, որոնք կ՚աճեցնեն եւ կ՚արտածեն իրենց արտադրանքը։

«Սակայն արտադրութեան եւ առաքման միջեւ փաստացի կը բացակայի ներքին վերահսկողութեան եւ համագործակցական համակարգը։ Հազարաւոր կապ խոտաբոյսեր կը հաւաքուին մէկ բեռնատարի մէջ, որմէ ետք վերահսկիչ մարմինները պէտք է ստուգեն արտադրանքի հսկայական ծաւալներ։ Ֆիզիքապէս այդ անկարելի է»,– պարզաբանած է «Ռոսսելխոզնատզոր»-ի (ՌԴ անասնաբուժական եւ բուսասանիտարական վերահսկողութեան դաշնային ծառայութիւն) ղեկավարը։

Տանքվերթ շեշտած է, որ արտադրանքի վերահսկողութիւնը պէտք է իրականացուի անմիջապէս արտադրութեան փուլին։ Ան աւելցուցած է, որ համակարգի արդիւնաւէտ գործունէութեան համար անհրաժեշտ են համագործակցութիւն, արտադրական վերահսկողութիւն, ինչպէս նաեւ արտադրողներու միաւորումներու պատասխանատուութիւն։

 

«Ահա թէ ինչ կը պակսի այսօր։ Այդ պատճառով սահմանափակումներու պատճառները կը գտնուին արտադրանքի որակի եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ, այլ ոչ թէ քաղաքականութեան»,– նշած է ան։