Սրբազան Հայրը փաստեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.ԱՐԱՄ Ա.ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ, Ազգային Առաջնորդարանը եւ քոյր յարանուանութեանց մարմիններ մեծ ճիգեր ի գործ կը դնեն ոտքի պահելու համար հայկական կառոյցները եւ այդ առումով ալ առաջարկեց հասկացողութիւն եւ ըմբռնում ցուցաբերել ու նաեւ նեցուկ կանգնիլ Հալէպի անխտիր բոլոր կառոյցներուն։
Եթէ փորձեմ հակիրճ ձեւով շարադրել Սրբազան հօրմէն լսածներուս հանրագումարը ապա անպայման պիտի նշեմ, որ այսօր Սուրիան եւ մեզի համար այնքան կարեւոր ու կենսական Հալէպը մտած է ամբողջական վերականգնումի մը իրական փուլը։
Սագօ Արեանի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Մեծ ուրախութիւն էր լսել Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Սրբազանի իմաստուն խօսքերը։
Սրբազան Հայրը, որ շատ մեծ արագութեամբ կարողացած է թափանցել սուրիական հայրենիքի հոլովոյթին մէջ մեծ հաշուով՝ լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ։
Ամենակարեւորը այն է, որ Սրբազանը փորձեց փարատել բոլոր մակարդակի վախերը, որ գոյացած էին Սուրիոյ պարագային, Ասատեան վարչակարգի տապալումէն ասդին, նշելով ու յիշեցնելով, որ Հալէպի մէջ այսօր «դրախտային» վիճակ մը չի տիրեր ու կան բազմապիսի բարդութիւններ ու հիմնահարցեր։
Ամենակարեւորն այն է, որ նոր իշխանութիւնները ինչպէս այլ փոքրամասնութիւններու, այնպէս ալ հայերու հանդէպ ունին յարգանք եւ պատրաստակամ մօտեցում։
Այս առումով շատ գրուեցաւ ու դեռ ալ կրնայ գրուիլ Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն մասին, որոնք կը կը բոլորեն փոխանցման բաւական դժուարին ճանապարհներ ունեցող շրջափուլ մը։
Սրբազան Հայրը նաեւ կարեւորեց Սուրիոյ ու Հալէպի հանդէպ ուշադրութիւնը նկատել տալով, որ այսօր Հալէպը կ՚անցնի ծանր օրերէ. տնտեսութեան անիւը դեռ չէ շարժած, երկիրը տակաւին ամբողջապէս ոտքի չէ կանգնած ու այդ պատճառով ալ կենցաղային դժուարութիւններ ու մեծ ու փոքր խնդիրներ։
Սրբազան Հայրը նաեւ փաստեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.ԱՐԱՄ Ա.ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ, Ազգային Առաջնորդարանը եւ քոյր յարանուանութեանց մարմիններ մեծ ճիգեր ի գործ կը դնեն ոտքի պահելու համար հայկական կառոյցները եւ այդ առումով ալ առաջարկեց հասկացողութիւն եւ ըմբռնում ցուցաբերել ու նաեւ նեցուկ կանգնիլ Հալէպի անխտիր բոլոր կառոյցներուն։
Եթէ փորձեմ հակիրճ ձեւով շարադրել Սրբազան հօրմէն լսածներուս հանրագումարը ապա անպայման պիտի նշեմ, որ այսօր Սուրիան եւ մեզի համար այնքան կարեւոր ու կենսական Հալէպը մտած է ամբողջական վերականգնումի մը իրական փուլը։
Ազգային-մշակութային եւ կրօնական կեանքը աշխոյժ է, կը մնայ սպասել եւ ճիգ ընել, որ տնտեսութիւնը իրողապէս վերականգնուի եւ Հալէպին վերադարձնէ իր երբեմնի փայլն ու փառքի օրերը։
Ուզուածը Մայր Հայրենիք՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքի ազդեցիկ գաղութներէն դժուարին բան մը չէ։ Նեցուկ, հաւատք եւ ուշադրութիւն...
Ահա այս բառերով է, որ ոտքի պիտի կանգնի Մերձաւոր Արեւելքի «գոհար» Հալէպն ու նուիրական հալէպահայութիւնը։
Իմ կարգիս եւ ի տես այս դժուարին ժամանակներու եւ իմ ու իմ նման շատերու անունով որդիական շնորհակալութեան խօսք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անոր հայրական մօտեցումին համար եւ Հալէպը մշտատեւ կերպով իր ուշադրութեան առանցք դարձնելու համար, իսկ քաջ եւ նուիրեալ Սրբազանին ալ արեւաշատ օրեր շարունակելու համար իր կարեւորագոյն առաքելութիւնը։