2 դեկտեմբեր 2025-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան կայքին վրայ հրապարակեց Լեռնային Ղարաբաղի միջնորդութեան եւ բանակցութիւններուն վերաբերող 13 խումբ փաստաթուղթեր:^1 Ասիկա իրագործեց մէկ ամիս առաջ տրուած խոստումը՝ տարեվերջէն առաջ հրապարակելու «առանցքային» բանակցային փաստաթուղթեր։^2 Սակայն, ընտրութիւնը անսովոր էր. կարգ մը փաստաթուղթեր առաջին անգամ հրապարակ եկան, իսկ ուրիշներ տասնամեակներէ ի վեր արդէն հասարակութեան տրամադրութեան տակ էին։
Հրապարակուած Փաստաթուղթեր
Ժամանակագրական կարգով թուարկուած հրապարակուած փաստաթուղթերը կը ներառեն՝
1.-ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւեր (1993), հրապարակուած՝ 1993-էն ի վեր։
2.-ԵԱՀԿ-ի Պուտափեշտի վեհաժողովի փաստաթուղթեր (1994), հրապարակուած՝ 1994-էն ի վեր։
3.-ԵԱՀԿ-ի Լիզպոնի վեհաժողովի գործող նախագահի յայտարարութիւն եւ Հայաստանի հերքումը (1996), հրապարակուած՝ 1996-էն ի վեր։
4.-ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երկու առաջարկներ (1997 եւ 1998), հրապարակուած՝ 1990-ականներու վերջերէն ի վեր։
5.-1999-ի համաձայնագիրի նախագիծ (տարածքային փոխանակում), որ վերարտադրուած էր 2008 թուականի թերթի յօդուածէ մը եւ ոչ թէ պաշտօնական արխիւներէ։
6.-ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հիմնական սկզբունքներ (2007), մասամբ հրապարակուած 2008-էն ի վեր։
7.-ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հիմնական սկզբունքներու Գազանի տարբերակ (2011), մասամբ հրապարակուած 2016-էն ի վեր։
8.-«Լաւրովի ծրագիրներ» (2014-2015), նախապէս չհրապարակուած։
9.-«Լաւրովի ծրագիրներ» (2016), նախապէս չհրապարակուած։
10.-Նախագահ Սերժ Սարգսեանի նամակը նախագահ Վլատիմիր Փութինին (2016), նախապէս չհրապարակուած։
11.-ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի փաստաթուղթէ մը պարբերութիւններ (2018), նախապէս չհրապարակուած։
12.-Ազգային ժողովի նիստի արձանագրութիւն (17 ապրիլ 2018), հրապարակուած 2018-էն ի վեր։
13.-ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաջարկ (2019), նախապէս չհրապարակուած։
Բացակայող Փաստաթուղթեր
Հակառակ այս փաստաթուղթերու հրապարակումին, այդ հոլովոյթը մնաց մեծապէս ընտրովի, եւ կարեւոր փաստաթուղթեր դուրս ձգուեցան։ Նշանակալիօրէն բացակայ են՝
1.-1999 հոկտեմբերի համաձայնագիրի հարազատ նախագիծը, որ վերարտադրուած էր «Հայկական Ժամանակ» թերթի 2008-ի յօդուածէ մը, երբ Փաշինեան թերթին գլխաւոր խմբագիրն էր, այլ ոչ թէ պաշտօնական արխիւներէն հրապարակուած։ Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան գաղտնազերծուած փաստաթուղթերուն, 26 եւ 27 հոկտեմբեր 1999-ին արտաքին գործոց փոխնախարար Սթրոպ Թալպոթ գաղտնի փաստաթուղթ մը յանձնեց Պաքուի եւ Երեւանի երկու նախագահներուն եւ անոնց խումբերուն՝ քննարկման համար։^3
2.-Ապրիլ 2001-ի Քի Ուեսթի բանակցային փաստաթուղթերը, որոնց գծով կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ անոնք իր տրամադրութեան տակ չեն՝ պնդում մը, որ վստահելիութիւնը կը պակսի, հաշուի առնելով այդ փաստաթուղթերուն կարեւոր նշանակութիւնը։^4
Փաստաթուղթերու Հրապարակման Պատճառները
Կառավարութեան յայտարարութիւնը յառաջ կը մղէ հետեւեալ եօթը ոչ համոզիչ փաստարկները,^5 որոնք վարչապետին կողմէ յաճախ կրկնուած են՝^6
Քաղաքական Շարժառիթներ Եւ Ազդեցութիւն
Այս ընտրովի բացայայտումները կ՛երեւի զուգադիպած են ներքին քաղաքականութեան վրայ ազդելու համար՝ յունիս 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ։ Անցեալի բանակցային ձախողումները ընդգծելով, կառավարութիւնը կը ձգտի Լեռնային Ղարաբաղի կորուստի պատասխանատուութիւնը ուղղել նախորդ վարչակարգերուն վրայ։ Աւելի՛ն, կառավարութիւնը հաւանաբար կը փորձէ ուշադրութիւնը շեղել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներքին լարումներուն մէջ շարունակական եւ բարձր վիճահարոյց միջամտութենէն, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան յստակ խախտում է։ Նաեւ, կառավարութիւնը կը փորձէ շեղել ուշադրութիւնը երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու քայքայուող պայմաններէն, ներառեալ ընդդիմութեան տասնեակներով առաջնորդներու եւ կողմնակիցներու ձերբակալութիւնները եւ նախաքննական կալանքի չարաշահումը։
Հրապարակուած փաստաթղթերը հասարակական բուռն քննարկումներ եւ նշանակալի հակազդեցութիւն յարուցեցին հայկական ընդդիմութեան մօտ, որ ներկայ կառավարութիւնը կ՛ամբաստանէ փաստաթուղթերու ընտրովի հրապարակման յանցանքով՝ իր պատումին աջակցելու համար։ Նաեւ, ընդդիմութիւնը կը փաստարկէ, թէ 2020-էն առաջուան առաջարկները անսահմանօրէն աւելի լաւ էին, քան ներկայ իրականութիւնը։
Կորսուած Առիթ
Յունիս 2019-ի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաջարկը կը ներկայացնէր հիմնական առիթ մը խաղաղ լուծումի համար՝ առաջարկելով միջանկեալ կարգավիճակ եւ միջազգային երաշխիքներ Լեռնային Ղարաբաղի համար։ Հայաստանի կառավարութեան ձախողումը արձագանգելու այս առաջարկին յանգեցուց ապրիլ 2020-ին անկէ հրաժարման, ինչ որ պատճառ դարձաւ սեպտեմբեր 2020-ի պատերազմին։
Առաջարկի Մանրամասնութիւններ
Յունիս 2019-ի ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի առաջարկը կը նախատեսէր հետեւեալը՝
Լեռնային Ղարաբաղի արագ ռազմազերծումը եւ ռազմական հարթակի փոխարէն միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին որոշումով լիազօրուած: Այդ ուժերու լիազօրութեան պայմանաժամը բաւական երկար պիտի ըլլար, մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակին որոշումը։
Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գտնուող եօթը շրջանները՝ բացառութեամբ Քարվաճառի եւ Լաչինի, կը վերադարձուէին Ազրպէյճանին։ Քարվաճառ եւ Լաչին միջոց մը կը մնան Հայաստանի վերահսկողութեան տակ՝ խաղաղապահ ուժերու տեղակայումէն ետք։ «Մինչեւ անոնց դատարկ մնալը պարզուի», Հայաստանի վերահսկողութիւնը այս երկու շրջաններուն վրայ պիտի շարունակուի։
Կողմերը «պիտի պարտաւորուին ուժ չգործածել իրարու դէմ», եւ շրջափակումները պիտի վերցուին։ «Լեռնային Ղարաբաղը, մինչեւ որ իր վերջնական կարգավիճակի հարցը լուծուի, Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն աջակցութեամբ պիտի ճանչցուի իբրեւ իրաւունքներ ունեցող շրջան՝ երաշխաւորելու լիիրաւ կենսագործունէութեան կազմակերպումը։…Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը նաեւ պիտի երաշխաւորուի Ազրպէյճանի պարտաւորութեամբ՝ շրջանին դէմ ուժ չգործածելու, միջազգային խաղաղապահ ուժերու գործողութեամբ, Հայաստանի կողմէ իր յատուկ յարաբերութիւններուն շնորհիւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ՝ իբրեւ մարմին, որ լիազօրեց միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը»։ Այստեղ յիշուած չէ, թէ փոփոխութիւն չի պահանջուիր Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ուժերու սթաթիւս քոյին մէջ։
Մինսքի խմբակի երեք համանախագահող երկիրներու նախագիծ յայտարարութեան մէջ, բոլորն ալ՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներ, վերոյիշեալ առաջարկուած պայմանները աւելի յստակութեամբ բացատրուեցան։ Միջանկեալ կարգավիճակի ընթացքին, մինչեւ վերջնական կարգավիճակի որոշումը, Լեռնային Ղարաբաղը պիտի վայելէր «ժողովրդավարական կազմուածք եւ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու գործունէութիւն ու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կողմէ ընտրուած տեղական ինքնակառավարում, հիմնական մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պահպանում, քաղաքական եւ տնտեսական մակարդակի վրայ ապրելու պայմաններ եւ անվտանգութիւն իր սեփական ինքնապաշտպանական եւ իրաւապահ ուժերուն միջոցով. օտար պետութիւններէն եւ միջազգային կազմակերպութիւններէն օգնութիւն պիտի տրամադրուէր, պայմանով որ ան նպատակ ունենայ խթանել մարդկային իրաւունքները, խաղաղ տնտեսական եւ ժողովրդավարական զարգացումը, մշակութային եւ առեւտրային համագործակցութիւնը, կամ մարդասիրական նպատակներու համար. ուղղակի ներդրում ապահովելու եւ միջազգային շուկաներու մատչելիութեան կարելիութիւն»։
Աւելի՛ն, երեք համանախագահող երկիրները պիտի երաշխաւորէին «Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի այն հանդիպումներուն, ուր Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող նիւթեր կը քննարկուին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին յարաբերութիւնները կ՛իրագործուին»։
Փաշինեան չարժեւորեց Լեռնային Ղարաբաղի սթաթիւս քոյի կայունացման եւ Ազրպէյճանէն տէ ֆաքթօ անկախութեան միջազգային ճանաչման ձեռքբերման նշանակութիւնը՝ հաւանութեամբ ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններուն, ներառեալ Ազրպէյճանը, եւ աւելի նշանակալիօրէն՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին հաւանութեամբ։ Կարգաւորումը Լեռնային Ղարաբաղին պիտի շնորհէր Քոսովոյի միջանկեալ վարչակարգին նման կարգավիճակ, որ ատենին դուռը բացաւ վերջինիս անկախութեան միջազգային ճանաչման։
Մինսքի խմբակի համանախագահներու 2019-ի առաջարկը պիտի «օրինականացնէր» Լեռնային Ղարաբաղի գոյութեան սթաթիւս քոն միջազգային հանրութեան աչքերուն մէջ, եւ չճանչցուած տէ ֆաքթօ* հանրապետութիւնը պիտի օժտուէր անկախութեան բոլոր յատկութիւններով, բացի ՄԱԿ-ի անդամութենէն, ճանչցուած միջազգային փաստաթուղթի մը մէջ, որ կը վայելէ հաւանութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, թէպէտ մինչեւ վերջնական կարգավիճակի հետագայ որոշումը որեւէ չորոշուած ապագայ թուականի մը ընթացքին, եթէ երբեք այդ մէկը ըլլար։ Առնուազն, Հայաստան կրնար ընդունիլ առաջարկը իբրեւ հիմք հետագայ քննարկումներու համար, ինչ որ Լեռնային Ղարաբաղը տէ ժիւրէ մասնակից պիտի դարձնէր յաջորդող բանակցութիւններուն։
2019-ի առաջարկը նման էր Մինսքի խմբակի սեպտեմբեր 1997-ի առաջարկին, զոր Ազրպէյճան ընդունած էր, ապա նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը յորդորէր ընդունելու զայն։ Սակայն, այն ատենուան վարչապետ Ռոպերթ Քոչարեան եւ նախարարներ Սերժ Սարգսեան ու Վազգէն Սարգսեան մերժեցին՝ հարկադրելով նախագահին հրաժարականը։ Լեռնային Ղարաբաղն ալ մերժեց այս առաջարկը։ 1997-ի առաջարկած սթաթիւս քոյի կայունացումը նաեւ նման էր Քոսովոյի միջանկեալ կարգավիճակին, որ ի վերջոյ դուռը բացաւ անկախութեան միջազգային ճանաչման։ Ասիկա պատմական կորսուած առիթ մըն էր 1997-ին, յատկապէս հաշուի առնելով այն ժամանակ Ազրպէյճանի հազուադէպ ընդունումը առաջարկին։
2019-ի Մինսքի խմբակի առաջարկին մերժումը հաւասարապէս եթէ ոչ աւելի պատմական կորսուած առիթ մըն էր։ Վարչապետ Փաշինեան ամիսներով չարձագանգեց 2019-ի Մինսքի խմբակի առաջարկին, բայց անոր վարքը եւ խօսակցութիւնը մերժում ցոյց կու տային։ Առաջարկին անոր մերժումը ապրիլ 2020-ին առնուազն անպատասխանատու էր, յատկապէս հաշուի առնելով, որ Ազրպէյճան չէր մերժած առաջարկը։^8
Հաշուի առնելով, որ Ազրպէյճանի պատրաստութիւնները բանակցուած համաձայնութեան այլընտրանքի համար (ուժի գործածում) որոշապէս թեքած էին ուժերու հաւասարակշռութիւնը իր օգտին, Հայաստան պէտք էր աւելի զգուշաւոր ըլլար։ Ան պէտք չէր օտարացներ Մինսքի խմբակի երեք համանախագահող երկիրները, բոլորն ալ՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներ, եւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութիւնը։ Փոխարէնը, ոչնչացնելով մեծապէս բարենպաստ կարգաւորում մը հայկական կողմին համար եւ մերժելով Մինսքի խմբակի ամբողջ ժառանգութիւնը, Հայաստան ըստ էութեան վիրաւորեց միջազգային հանրութիւնը եւ աւելի մեկուսացուց ինքզինք կարեւոր պահու մը։ Ամէնէն զարմանալին այն է, որ «Հայաստանի կառավարութիւնը խուսափեցաւ բովանդակային բանակցութիւններէ (2019-ին Մինսքի խմբակին կողմէ առաջարկուած) փաթեթին վրայ՝ Ազրպէյճանին տալով առիթ օրինականացնելու իր… յարձակումը։ Ասիկա է հիմնական տարբերութիւնը ներկայ կառավարութեան եւ նախորդ բոլորին միջեւ»։^9
Ի վերջոյ, 2019-ի Մինսքի խմբակի առաջարկին մերժումը միակ պատճառը չէր Լեռնային Ղարաբաղի աղէտին։ Երեք տասնամեակներու վրայ տարածուած բանակցային գործընթացի բազմաթիւ ձախողումներ նպաստեցին ատոր, ներառեալ երկու կողմերու առաւելապաշտական մօտեցումը, համաձայնութեան համար հանրային պատրաստութեան պակասը, հայկական կողմի իր բանակցային դիրքին գերագնահատումը, Ազրպէյճանի համակարգուած ամրապնդումը պատերազմ վարելու իր կարողութեան, իր այլընտրանքը բանակցութիւններուն, 2018-էն ետք Հայաստանի անպատասխանատու խօսակցութիւնը եւ արարքները, ինչպէս նաեւ Մինսքի խմբակի միջնորդութեան կառուցուածքային թուլութիւններ եւ հակընդդէմ շահեր։
Եզրակացութիւն
Այս քննութիւնը կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս սխալ հաշուարկները, առաւելապաշտական պահանջները, առանցքային շահակիցներու բացառումը, համաձայնութեան համար հանրային պատրաստութեան պակասը եւ անարդիւնաւէտ միջնորդական թեքնիքները համատեղօրէն յանգեցան Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ցեղային զտումին 2023-ին։ Ի վերջոյ, կարելի էր խուսափիլ Լեռնային Ղարաբաղի աղէտալի ելքէն։ Դէպքը ծառայեց իբրեւ հաշտեցման լուրջ դաս՝ ցոյց տալով աղէտալի մարդկային հետեւանքները, երբ միջնորդներ չկրնան հաւասարակշռել տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը առանց վստահելի անվտանգութեան երաշխիքներու խոցելի բնակչութիւններու համար՝ ինքնորոշման սկզբունքին դէմ։
Հրայր Պալեան
«Ազդակ»
* Հրայր Պալեան հակամարտութեան լուծման եւ մարդու իրաւունքներու մարզերուն մէջ գործած է 35 տարիներէ ի վեր Պալքաններու, Արեւելեան Եւրոպայի, Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ։ Անոր գիրքը՝ «Խաղաղարարութեան վերլուծութիւն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն եւ կորսուած Առիթներ»* (Anatomy of Peacemaking: Nagorno-Karabakh Conflict and Missed Opportunities) պիտի հրատարակուի Անգլերէնով (փետրուար 2026, Palgrave Macmillan) եւ հայերէնով (մարտ 2026, Նիւմակ)։
https://www.gov.am/en/K-Negotiation-Documents/
https://armenpress.am/en/article/1234524
https://jam-news.net/armenia-azerbaijan-talks-documents-on-karabakh-settlement-released/
https://digitallibrary.un.org/record/202170?ln=en&v=pdf