Թուրքիոյ ոստիկանութեան պատկանող օդանաւով Երեւանէն Անգարա տեղափոխուած են Ինթըրփոլով տեւական ժամանակ հետախուզուող յանցաւոր խումբի անդամներ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, որ հայկական կողմը հետախուզուող անձերը երէկ արտայանձնած է թրքական կողմին՝ արձագանգելով Ինթըրփոլի Կարմիր ծանուցմամբ ներկայացուած խնդրանքին։ Այլ մանրամասնութիւններ, սակայն, արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն չեն յայտնած։
Արտայանձնման արձագանգած է Երեւանի հետ տասնամեակներով դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող երկրի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը. պաշտօնական Անգարան շեշտած է՝ բարձր կը գնահատէ Հայաստանի համագործակցութիւնը։
Երէկ արտայանձնուածներու մասին որոշ մանրամասնութիւններ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը ներկայացուցած է։ Ըստ գերատեսչութեան՝ Էրճան Եըլմազը հետախուզման մէջ եղած է 15 տարի, անոր ձերբակալելու՝ աւելի քան 40, իսկ 6 տարի հետախուզման մէջ գտնուող Քայմաքին 10 հրաման ներկայացուած եղած է։ Ըստ թուրք իրաւապահներու՝ Եըլմազը յանցաւոր կազմակերպութեան առաջնորդ է, իսկ Քայմաքը՝ կազմակերպութեան անդամ։
«Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի արդարադատութեան փոխնախարար պարոն Տիգրան Դադունցին, մեր Արդարադատութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն, մեր Ինթըրփոլ-Եւրոփոլի բաժիններուն, Մաքսանենգութեան եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ հետախուզութեան դէմ պայքարի վարչութեան եւ Օրտու նահանգի հետ համագործակցութեան համար», -յայտարարած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան։
Թրքական մամուլը գրած է, որ Եըլմազի ղեկավարած յանցաւոր խումբը զէնքի սպառնալիքով գումար կորզած է մարդոցմէ, շարժակաոր հեծելանիւներով զինուած յարձակումներ գործած է գործարարներու դէմ, որոնք չեն ընդունած կազմակերպութեան գումար փոխանցելու սպառնալիքները:
Եըլմազն ու Քայմաքը, ըստ թրքական աղբիւրներու, առնչութիւն ունին մէկ այլ՝ «Պարիշ Պոյուն» յանցաւոր կազմակերպութեան հետ։ «Պարիշ Պոյուն» յանցաւոր խումբը կը մեղադրուի սպանութիւններու, թմրանիւթերու վաճառքի, զէնքի մաքսանենգութեան ու աւազակութեան կազմակերպման համար։
Ոչ թրքական, ոչ ալ հայկական կողմը յստակեցուցած են՝ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս յանցաւոր կազմակերպութեան անդամները Հայաստան յայտնուած են, օդայի՞ն, թէ՞ ցամաքային սահմանով եկած են: Արդեօք անոնք առնչութիւն ունի՞ն դեկտեմբեր 11-ին հայ-թրքական սահմանը խախտելու հաւանական դէպքի հետ։
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն անցեալ տարեվերջին յայտնած է, որ տեղեկութիւն ստացած է հաւանական սահմանախախտման մասին։ Գերատեսչութիւնը, սակայն, անցեաթ շաբաթներուն այդպէս ալ չէ պարզաբանած՝ արդեօք հաստատուա՞ծ է սահմանախախտման դէպքը, թէ՝ ոչ, կա՞ն ձերբակալուածներ։ ԱԱԾ-էն յորդորած են այս հարցով գրաւոր հարցում ուղարկել։