image

«Նպատակը Պատրիարքը տապալելն է». Հոգշ Տ. Պարէտ ծ. վրդ.ի զգայացունց հրապարակումը

«Նպատակը Պատրիարքը տապալելն է». Հոգշ Տ. Պարէտ ծ. վրդ.ի զգայացունց հրապարակումը

Երուսաղէմի կալուածոց հարցերուն առընթեր տեղի ունեցող զարգացումները լոյսին բերելու նպատակով մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Պատրիարքութեան Կալուածոց նախկին տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարէտ ծ. վրդ. Երէցեանին կողմէ հրապարակուած նիւթը։

Յիշեցնենք, որ հոգեւորականը սոյն նիւթը (գրուած՝ անգլերէնով) տեղադրած է իր դիմատետրեան էջին։

 

Հայր Պարէտ կը գրէ ՝

Վերջին զարգացումները զիս մղեցին աւելի թափանցիկութեամբ լոյս սփռելու Երուսաղէմի Հայկական Պարտէզի («Կովերու պարտէզ»ը նկատի ունի՝ խմբ. «Արեւելք»)հողերու վարձակալութեան խնդրին վրայ: Անհրաժեշտ է, որ հասարակութիւնը տեղեակ ըլլայ հետեւեալին մասին.

1. Երբ Պատրիարքը զիս պաշտօնէս ազատեց, Տ. Կորիւն Պաղտասարեանը քանի մը անգամ փորձեց «կաշառել» զիս՝ յոյս ունենալով, որ կը մասնակցիմ իր խարդախ ծրագիրին։ Տ. Սամուէլ Աղոյեանը ներկայ էր այդ հանդիպումներէն մէկուն ։

2. Նենգ ծրագիրը այն էր, որ ես խոստովանիմ, թէ փաստաբանն ու ներդրողը զիս խաբած են: Այս անպարկեշտութեան դիմաց ան պիտի փորձէր զիս վերադարձնել եղբայրութեան շարքերը։

3. Պատրիարքը եւ ես տեղեկացուած էինք, որ Տ. Կորիւն Պաղտասարեանը գաղտնօրէն կը համագործակցի պաղեստինեան իշխանութեան հետ առնուազն Սեպտեմբեր 2022-էն սկսեալ։

4. Ծրագիրն էր ինձմէ ազատուիլը զիս պաշօնանկ ընելով, որպէսզի անկէ ետք ան մեկուսացնէ եւ լուսանցքայնացնէ Պատրիարքը:

5. Այս ծրագրի վերջնական նպատակն էր տապալել Պատրիարքը իր աթոռէն եւ ճանապարհ հարթել Տ. Կորիւն Պաղտասարեանին, յաջորդ Պատրիարքը դառնալու համար։

6. Նախքան որեւէ բան յայտարարուիլը, Տ. Կորիւն Պաղտասարեանը արդէն տեղեակ էր Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւններու կողմէ՝ պատրիարքին իշխանութենէն զրկելու ծրագիրին մասին։

7. Տ. Կորիւն Պաղտասարեանը տակաւին կը շարունակէ իր թաքուն ու խաբեբայական համագործակցութիւնը համայնքի անդամներուն հետ՝ պատրիարքին վրայ ճնշում գործադրելու ակնկալիքով, մինչեւ որ վերջինս հրաժարի։

Ասոնք ընդամէնը քանի մը հիմնական փաստեր են մէկու մը մասին, որ այլեւս չի կրնար թաքցնել իր մտադրութիւնները: Իմ ամբողջական եւ մանրամասն յայտարարութիւնս շուտով կը հրապարակուի։

 

Տ. Պարէտ Երէցեան

5 Սեպտեմբեր, 2023