image

Պրիթիշ Փէթրոլիում (BP) օգնած է Ատրպէյճանին, «Ղարաբաղի հարցը լուծելու».The Guardian-ի հրապարակումը

Պրիթիշ Փէթրոլիում (BP) օգնած  է  Ատրպէյճանին, «Ղարաբաղի հարցը լուծելու».The Guardian-ի հրապարակումը

Բացառիկ հրապարակում՝  Global Witness-ը կը պնդէ, որ բրիտանական ընկերութիւնը անուղղակիօրէն օգնած է ֆինանսաւորելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք հայերու դէմ ռազմական գործողութիւններu

 The Guardian-ի  աշխատակից Ժիլիան Ամպրոզ կը գրէ՝ 

Ատրպէյճանի մէջ, Պրիթիշ Փէթրոլիումի (BP)-ի հանածոյ քարիւղի նախագիծերը օգնած են ֆինանսաւորելու Ղարաբաղի  հայերուն դէմ ռազմական գործողութիւնները։

Global Witness-ը կը նշէ, որ բրիտանական նաւթային ընկերութեան կողմէ գործող, նաւթի ու կազի երկու մեծ նախագիծերուն մէջ Ատրպէյճանի մասնաբաժինը, 2020 թուականէն, այսինքն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի բռնկման տարիէն ի վեր, ռազմական ծախսերէն չորս անգամ աւելի շահ ապահոված է։ 

Հասարակական Կազմակերպութեան վերլուծութիւնը ցոյց տուած է, որ BP-էն (իր ամենամեծ ներդրողէն) Ատրպէյճանի տնտեսական կախուածութիւնը՝ անուղղակիօրէն օգնած է ֆինանսաւորելու էթնիք հայերու դէմ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները, որոնք Սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ, աւելի քան 100,000 մարդու ստիպած են լքելու տարածքը:

Նոյն ամսուն, BP-ն ներկայացնող բարձրաստիճան դէմքեր, որոնց մէջ նաեւ նախագահը՝ Հէլկէ Լունտը եւ նախկին գործադիր տնօրէն Ճոն Պրաունը, այցելեցին Պաքու՝ մասնակցելու Ատրպէյճանի նախկին նախագահ՝ Հէյտար Ալիեւի ծննդեան 100-ամեակի տօնակատարութեան, վերահաստատելով «Ատրպէյճանի հետ երկարաժամկէտ գործընկերութեան» իրենց յանձնառութիւնը,  նշուած է ընկերութեան հաղորդագրութեան մէջ։

BP-ն 2020 թուականէն ի վեր Պաքուին մատակարարած է մօտաւորապէս 35 միլիառ տոլար արժողութեամբ նաւթ եւ կազ՝ ըստ «արտադրութեան բաշխման համաձայնագրի»ն:

Ալիեւի որդին՝ Իլհամ Ալիեւը, նախագահ դարձաւ իր հօր մահէն ետք՝ 2003 թուականին, ընտրութիւններով, որոնք, ըստ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան դիտորդներու, չեն համապատասխաներ միջազգային չափանիշներուն:

Տոմինիք Իկըլթոնը՝ Global Witness-ի աւագ կազմակերպիչը, ըսած է. «BP-ի երկարամեայ համագործակցութիւնը Ալիեւի «բռնապետութեան» հետ ֆինանսաւորած է Ատրպէյճանի ռազմականացման  եւ Հայաստանի դէմ զինուորական գործողութեան։ BP-ն ուրախութեամբ կը շարունակէ հորատումը` ոչինչ սորվելով Ռուսաստանի մէջ կատարած պատմական սխալէն»:

Քրէմլի կողմէ  Ուքրանիոյ վրայ ներխուժումէն ետք, BP-ն լքեց ռուսական «Ռոսնէֆթ» նաւթային ընկերութեան 20% բաժնետոմսը՝ որ ընկերութեան վրայ արժեց 24 միլիառ տոլար՝ երբ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը իմացաւ ընկերութեան հետ BP-ի կապերուն եւ Ռուսական բանակին անոր հայթայթած վառելանիւթին մասին։

«Բռնակալներուն ֆինանսաւորելը միշտ ալ վատ ռազմավարութիւն է», - ըսած է Իկըլթոնը:

Անցեալ շաբաթ, BP-ն յայտարարեց այս տարուան երրորդ եռամսեակին գրանցած 3,3 միլիառ տոլարը, որ անկում եւ թոյլ շահոյթ է,  համեմատած նախորդ տարուան նոյն ամիսներու 8,2 միլիառ տոլարին հետ։ Այս մէկը ենթադրութիւններու տեղիք տուաւ, որ բաժնետոմսերու նուազ գինը եւ վարչական ժողովներու ցնցումները կրնան գրաւման թիրախ դարձնել զայն:

BP-ի խօսնակը ըսած է, որ ընկերութիւնը «Արդէն երեք տասնամեակէ   ի վեր ներկայ է Ատրպէյճանի մէջ, եւ մենք հաւատարիմ կը մնանք տարածաշրջանին մէջ, ուժանիւթի անվտանգ, յուսալի եւ ճկուն տնտեսութիւն վարելու մէջ»:

1990-ականներուն, BP-ի եւ Ատրպէյճանի կառավարութեան միջեւ կնքուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ նաւթային ընկերութենէն կը պահանջուի նախագիծի արտադրած հանածոյ քարիւղէն մասնաբաժին մը յատկացնել պետութեան։ 

Այս տեսակի պայմանաւորուածութիւնները սովորական են նաւթի եւ կազի արդիւնաբերութեան մէջ, օտարերկրեայ ընկերութիւններու եւ ընդունող պետութեան միջեւ հանածոյ քարիւղի նախագիծերու վնասներն ու շահերը կիսելու որպէս միջոց:

BP-ը Ատրպէյճանի նաւթի ու կազի նախագիծերու ամենամեծ մասնաբաժինը ունի, արտասահմանեան այլ նաւթային ընկերութիւններու հետ միասին, ներառեալ ամերիկեան «Exxon Mobil» ընկերութիւնը, նորվէկիական «Equinor»-ը եւ ռուսական «Lukoil» ընկերութիւնը, որոնք փոքր բաժիններ ունին նախագիծերուն մէջ:

BP-ի ֆինանսական բացահայտումները ցոյց կու տան, որ 2020 թուականէն ի վեր, ան Պաքուին մատակարարած է համաշխարհային շուկային մէջ 35 միլիառ տոլար արժողութեան նաւթ եւ կազ: Այս գումարը չորս անգամ կը գերազանցէ կառավարութեան ռազմական ծախսերը, որոնք հասած են $7,9 միլիառի, ըստ Սթոքհոլմի Խաղաղութեան Գիտահետազօտական Միջազգային Կեդրոնին։

«Մենք կ՚աջակցինք հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ յոյսով ենք, որ շուտով վերջնական լուծում մը կը գտնուի», - աւելցուցած  է BP-ի խօսնակը։ Պրաունը չէ պատասխանած տրուած հարցումներուն:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ էթնիք հայերու արտագաղթը հաւասարազօր է «էթնիք զտման եւ ժողովուրդին հայրենիքէն զրկելու գործողութեան»։ Հայցը կտրականապէս մերժուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, որ յայտարարած է, թէ շրջանի բնակիչներու զանգուածային գաղթը «անձնական եւ անհատական որոշում է եւ կապ չունի հարկադրաբար վերաբնակեցման հետ»:

 

  Հրապարակումը «Արեւելք»ի համար պատրաստեց՝ Նայիրի Տաղլեանը։