Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան Վանաձոր կատարած իր այցի ժամանակ պաշտամունքի արարողութեան ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ իր փորձառութիւնները Սուրիոյ պատերազմական շրջանին, յատկապէս հոգեւոր, ընկերային եւ ապահովական մարտահրաւէրները։
Հայ Աւետարանական Հալէպի «Փեթել» եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝
Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2025-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հանդիպում ունեցաւ Վանաձորի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ծառայողական խմբակներուն հետ։
Վերապատուելին անոնց ներկայացուց ծառայութեան մէջ հաւատարմութեան, տոկունութեան եւ շարունակական նուիրումով կեանքի վկայութեան մասին։
Վերապատուելին ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ իր փորձառութիւնները Սուրիոյ պատերազմական շրջանին, յատկապէս հոգեւոր, ընկերային եւ ապահովական մարտահրաւէրները եւ խրախուսեց ներկաները մնալու Աստուծոյ յաւիտենական ու ամբողջական ծրագիրին մէջ։
Աւարտին ներկաները իրենց ոլորտներուն առնչուած հարցադրումներ ուղղեցին Վերապատուելիին:

