image

Վատիկանի մէջ տղամարդը բարձրացած է Սուրբ Պետրոսի տաճարի խnրանի վրայ եւ կnտրած 30 հազար եւրօ արժողութեամբ 6 մոմակալ (Տեսանիւթ)

Վատիկանի մէջ տղամարդը բարձրացած է Սուրբ Պետրոսի տաճարի խnրանի վրայ եւ կnտրած 30 հազար եւրօ արժողութեամբ 6 մոմակալ (Տեսանիւթ)

Ուրբաթ օր, տղամարդ մը Վատիկանի մէջ ցատկած է Ս. Պետրոսի տաճարի խորանին վրայ, եւ մինչեւ ոստիկաններու  հասնիլը կոտրած  30 հազար եւրօ արժողութեամբ վեց մոմակալ։

Ծագումով ռումանացի տղամարդը ձերբակալուած է: Այս մասին տեղեկացուցած են իտալական AGI եւ ANSA լրատուական գործակալութիւնները:

Տարածուած տեսանիւթին մէջ կ'երեւի, թէ ինչպէս տղամարդը խորանէն կը նետէ մոմակալները եւ կը հանէ խորանի սպիտակ սփռոցը։

Նշենք, որ խորանը կառուցուած է Ս. Պետրոսի գերեզմանին վրայ, որ, ըստ քրիստոնէական աւանդութեան, Յիսուս Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն մէկն է։ Խորանը ծածկուած է չորս պրոնզէ սիւներու եւ իտալացի քանդակագործ Ժան Լորենզօ Պերնինիի 29 մեթրնոց հովանիով։