image

Երախտագիտական ընթրիք՝ Սան Փաուլոյի Ս. Գէորգ Մայր Տաճարի խորանի սպասաւոր երիտասարդներուն

Երախտագիտական ընթրիք՝ Սան Փաուլոյի Ս. Գէորգ Մայր Տաճարի խորանի սպասաւոր երիտասարդներուն

Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Սան Փաուլոյ քաղաքի Ս. Գէորգ Հայկական Մայր Տաճարի խորանի սպասաւոր երիտասարդներուն համար կազմակերպուած է եղբայրական ու գնահատանքի ընթրիք մը՝ թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Պէրպէրեանի հովանաւորութեամբ եւ թեմի հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի  դիմատետրեան էջէն։

Կը նշուի, որ երեկոն անցած է ջերմ ու քաջալերական մթնոլորտի մէջ՝ արժեւորելով Սուրբ Սեղանին շուրջ ծառայող երիտասարդներուն նուիրումն ու հաւատարմութիւնը։

Ներկայիս Մայր Տաճարի խորանին կը ծառայեն 18 երիտասարդներ, որոնցմէ 16-ը մասնակցեցան այս յատուկ հաւաքին։

Հանդիպումը կազմակերպուած էր Տիար Ներսէս Եէկինէրեանի կողմէ, որ կը հանդիսանայ եկեղեցւոյ Գործադիր Մարմնի անդամ եւ նոյնպէս խորանի սպասաւոր։ Անոր նուիրումն ու հոգածութիւնը նոր սերունդին հանդէպ կը շարունակեն զօրացնել համայնքային ու եկեղեցական կեանքը։

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Տիար Անդրէ Քիսաճիքեանին՝ Ներկայացուցչական Ժողովի Ատենապետին, որ հիւրընկալեց հաւաքը եւ ստանձնեց ընթրիքի ծախսերը։ Անոր մշտական աջակցութիւնը թեմի հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական ծրագիրներուն կը վկայէ եկեղեցւոյ եւ երիտասարդութեան հանդէպ ունեցած իր խոր նուիրումն ու սէրը։

Երեկոն գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ երախտագիտութիւն յայտնելու խորանի սպասաւոր երիտասարդներուն՝ իրենց հաւատարիմ ծառայութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ նուիրումին համար։