Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Բերիոյ Թեմն ու նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքները իր բոլորանուէր ճիգերը գործի կը մղեն ոտքի պահելու համար Քեսապի հայկական համայնքը։
Աւան, որ վկայարանն է Արեւմտահայութեան մեծ ճանապարհին ու նաեւ վկան ու ապրող դիտավայրը մեր ազգի մեծ ճանապարհին։
Քեսապի մասին գրելու պատեհութիւնը կ՚ունենանք, իմանալէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի յատուկ կարգադրութեան մասին, որու հիմքով ալ Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս եպս. Զօպուեանի ձեռամբ վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք տրուեցաւ Քեսապի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմլեանին։
Ստորեւ «Արեւելք» մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք այդ առթիւ եղած լրատւութիւնը, նորանոր նուաճումներ մաղթելով առաքելութեան տէր երիտասարդ Հայր Սուրբին, ինչպէս նաեւ արեւազմայլ օրեր Բերիոյ Թեմի նուիրեալ Առաջնորդին։
Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացաւ:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով իր պատգամը փոխանցելէ ետք, ուխտաւոր ժողովուրդին յոտնկայս ներկայութեան ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակը, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդառաջելով Սրբազան Հօր խնդրանքին, եւ գնահատելով հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս որպէս Կիլիկեան Ուխտի Միաբան Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանին մատուցած ամբողջանուէր ծառայութիւնը, Հայրապետական Կոնդակով Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանին կը շնորհէ վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք:
Սրբազան Հայրը այս առիթով լանջախաչ նուիրեց Հայր Սուրբին։ Ան շնորհաւորեց Հայր Սուրբը, անոր հարազատները, Քեսապի եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, դպրաց դասը եւ ողջ քեսապահայութիւնը, լանջախաչ կրելու պատիւը համարելով հրաւէր մը՝ ծառայութեան ճամբով առաւել ծաղկեցնելու Քեսապահայութեան հոգեւոր կեանքը: