Վալանսի քաղաքապետական խորհուրդը որոշած է քաղաքի կեդրոնին մերձակայ նորակառոյց բնակելի թաղամասին փողոցներէն մէկուն տալ անցեալ Յուլիսին մահացած անուանի քանդակագործ Թորոսի (Թորոս Ռասթկելենեան) անունը։ Այս մասին «ԱՐԵՒԵԼՔ» իմացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ»էն:
«Թորոս» փողոցը պիտի խաչաձեւէ «Ստեփանակերտ» փողոցը։ Արդարեւ, Ստեփանակերտի մէջ՝ ֆրանսախօսութեան «Փօլ Էլիւար» կեդրոնին առջեւ զետեղուած է նշանաւոր արուեստագէտին ստեղծագործութիւններէն մէկը, որուն բացումն ալ ինք անձամբ կատարած էր 2015-ին: