Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի անունով պիտի դիմենք դատական պաշտպանութեան՝ ընդդէմ 9-րդ դասարանի «Հայաստանի պատմութիւն» դասագիրքի հեղինակներուն, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան եւ պատասխանատու այլ անձերու։
Պիտի պահանջենք հերքել նախագահի վերաբերեալ գիրքին մէջ տեղ գտած զրպարտական տեղեկութիւնները։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է փաստաբան Ռոման Երիցեան։
«Մենք վճռական ենք պայքարելու պատմութեան խեղաթիւրումների եւ նոր սերնդին մոլորեցնելու բոլոր փորձերի դէմ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։