Իրաք կատարած պաշտօնական այցի շրջածիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը հանդիպած է Պաղտատի հայկական համայնքի եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։
Այս մասին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն։
Հանդիպման ընթացքին նախագահն անմիջական մթնոլորտի մէջ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Հայաստանի ներքին ու արտաքին քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական կեանքի ընդհանուր իրավիճակի եւ զարգացումներու վերաբերեալ, զրուցած է միջոցառման մասնակիցներու հետ եւ պատասխանած անոնց յուզող հարցերուն։
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթին մէջ։