Իսլամ կրօնապետը իր խօսքին մէջ նաեւ նշած է, որ փորձ կը կատարուի ներ-համայնքային եւ իսլամ- քրիստոնեայ խնդիրներ ստեղծելու, բան մը որ կտրականապէս մերժելի է բոլոր եգիպտացիներուն կողմէ։
Օրերս ծանր սպաննութիւն մը ցնցած է Եգիպտոսի Աղէքսանդրիա քաղաքը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ապունա.օրկ» կայքէն։ Աղբիւրը մասնաւորապէս կը նշէ, որ 60-ամեայ մարդ մը մօտեցած եւ դաշունահարած է շրջանի Ղընտիներու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արսանիոս Ովիտը։
Իսկոյն քահանայ հայրը տեղափոխուած է հիւանդանոց, սակայն ճանապարհին ան աւանդած է իր հոգին։
Քահանայի հետ եղող երիտասարդները, կարողացած են զինաթափել յանցագործը եւ սպասել ոստիկանութեան դէպքի վայր հասնելուն։
Կը նշուի նաեւ, որ դէպքը եղած է Աղէքսանդրիոյ ծովեզերեայ «Սիտի պաշըր» շրջանին մէջ։Աղբիւրը կը նշէ, որ Ղըպտի կրօնաւորը, շատ սիրուած եւ նուիրեալ կրօնական գործիչ էր եւ ան կարեւոր ճիգեր գործադրած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին հիմնադրելու առաքելութեան մէջ։
Ծանր պատահարէն ետք Եգիպտոսի «Ալ Ազհար» կրօնական կեդրոնի պետը ՝ Շէյխ Ահմատ Ալ Թայէպ ցաւակացական հեռագիր մը յղած է Ղըպտիներու առաջնորդ ՝ Թէոտորոս Պապին ու համայն քրիստոնեաներուն իր ցաւակցութիւնները յայտնելով ու նաեւ բոլոր եգիպտացիներուն զգօնութեան կոչ ընելով։
Իսլամ կրօնապետը իր խօսքին մէջ նաեւ նշած է, որ փորձ կը կատարուի ներ-համայնքային եւ իսլամ- քրիստոնեայ խնդիրներ ստեղծելու, բան մը որ կտրականապէս մերժելի է բոլոր եգիպտացիներուն կողմէ։