Արտակարգ եւ ցնցիչ դէպք մը պատահած է Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ։
Քաղաքացի մը, որ տարակարծութեան մէջ եղած է փաստաբանի մը հետ մօտենալով վերջինիս պայթեցուցած է իր վրայ եղող ձեռնառումբը։
Անցորդներ, որոնք ափ ի բերան մնացած են եղելութեան վերաբերեալ արագօրէն տեղեակ պահած են շրջանի ոստիկանութեանը։Աւելի ուշ պարզուած է, որ ռումբը արձակողը նոյնպէս ծանրօրէն վիրաւորուած ու տեղափոխուած է հիւանդանոց։
Դէպքին շուրջ բացուած է քննութիւն, իսկ ընկերային ցանցի էջեր թեմային անդրադառնալով իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են երկրով մէկ ապօրինի զէնք ու զինամթերքի գոյութեան մասին։