24 դեկտեմբերէն մինչեւ 6 յունուարի տօնական օրերուն, ամբողջ Իտալիան կը դառնայ «կարմիր գօտի», որ կը նշանակէ, թէ այդ ժամանակամիջոցին համազգային Քարանթին կը յայտարարուի, ինչպէս մարտին յայտարարուած էր: Համավարակի պատճառով նման որոշման մասին յայտարարած է երկրի վարչապետ Ճիուզեփփէ Քոնթի, կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը:
«24 դեկտեմբերէն 6 յունուարը ամբողջ Իտալիան «կարմիր գօտի» է: Այս կը նախատեսէ, որ առանց անհրաժեշտութեան տունէն դուրս չելլել»,- ըսած է Քոնթին: Բոլոր խանութները փակ են, բացառութեամբ մթերայիններն եւ դեղարանները: Բաց են վարսայարդարման սրահները: Արգիլուած է նահանգէ նահանգ ուղեւորուիլը: Չեն գործեր պարերն ու ճաշարանները, սակայն հնարաւոր է առաքմամբ սպասարկումը: Վարչապետը նշած է, որ խորհուրդ կը տրուի տօնական օրերը անցընել միայն ընտանիքի անդամներուն հետ, որոնց հետ տեւական կը բնակիք: Բայց հնարաւոր է երկու հիւրի ընդունելութիւնը՝ մինչեւ 14 տարեկան երեխաներու ուղեկցութեամբ:
Երկրի վարչապետը նաեւ նշած է «Պետութիւնը չի կրնար վերահսկել տուներու մէջ կատարուածը, իսկ մեր միջոցառումները ուղղուած են տեղաշարժի առաւելագոյն սահմանափակման»,- պարզաբանած է ան, նաեւ նշելով, որ այս միջոցառումները ընդունելու ժամանակ կառավարութիւնը ղեկավարուած է մասնագէտներու պատկերացումներով եւ եզրակացութիւններով, որոնք նախազգուշացուցած են վարակումներու աճի վտանգի մասին:
Իշխող մեծամասնութենէն յայտնած են, որ հեշտ չէր համաձայնութեան գալ քարանթինային միջոցառումներու հանդէպ, մօտեցումներու տարաձայնութիւններու պայմաններով: Նոր սահմանափակող միջոցառումներու քննարկումը տեւած է քանի մը օր: Շարք մը նախարարութիւններ, ներառեալ առողջապահութեան նախարարութիւնը, պնդած են աւելի խիստ գիծը, որպէսզի թոյլ չտրուի տօներէն ետք վարակումներու նոր աճի: