image
Հրատապ լուրեր:

Հայրենիքէն չեն նեղուիր. Իշխանութիւններ քննադատել՝ այո՛, բանավիճիլ անոնց հետ՝ այո՛, բայց երբեք կռնակ դարձնել հայրենիքին

Հայրենիքէն չեն նեղուիր. Իշխանութիւններ քննադատել՝ այո՛, բանավիճիլ անոնց հետ՝ այո՛, բայց երբեք կռնակ դարձնել հայրենիքին

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք օրերս Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան 104-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին ՌԱԿ-եան անխոնջ զինուորեալներէն եւ այդ առթիւ յատուկէն Պէյրութ հրաւիրուած, հանրահայտ հասարակական գործիչ Յովիկ Էօրտէքեանի խօսքին ամբողջութիւնը՝

Հոգեշնորհ եւ Արժանապատիւ հայրեր,

Մեծայարգ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեան

Մեծայարգ ընկեր Յակոբ Գասարճեան՝ 

Ատենապետ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի

Մեծայարգ ընկեր Տոքթ․ Աւետիս Տագէսեան՝ 

Ատենապետ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան,

Քոյր կազմակերպութեանց եւ կուսակցութեանց յարգելի ներկայացուցիչներ,

Սիրելի ընկերուհիներ, ընկերներ եւ հայրենակիցներ,

Յետ-եղեռնեան շրջանին, մանաւանդ 1920-ականներուն, այլեւս անյետաձգելի դարձած էր ազատական-ռամկավարութիւն դաւանող ուժերու համախմբումը, որոնք անջատաբար գործելով, չէին կրնար վճռական դեր կատարել ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ։ Միաձուլումը, միասնաբար գործելու գիտակցութիւնը եւ հրամայականը մղած էին քաղաքական այդ ուժերու ղեկավարները իրագործելու միութեան աքթը՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գոյառումը, որ տեղի կ՚ունենար 1 Հոկտեմբեր 1921-ին, Պոլսոյ մէջ։ ՌԱԿ-ի ծնունդը արդիւնքն էր Հայոց ցեղասպանութեան, Առաջին Աշխարհամարտի աւարտի եւ սփիւռքի ձեւաւորման պատճառով յառաջացած ազգային թէ համաշխարհային նոր պայմաններու թելադրանքին։  

Ազգային ազատագրական պայքարի ժառանգութեամբ եւ գաղափարախօսական ու մտաւորական ուժերով հարստացած ՌԱԿ-ը կու գար արտաշխարհի հայ կեանքին բերելու նոր շունչ եւ խօսք՝ հիմնուած ժողովրդային կամքի եւ ռամկավարական սկզբունքներու կիրարկման վրայ։   

Հակառակ այն իրողութեան, որ ՌԱԿ-ը սփիւռքի իրականութեան ծնունդ է, անոր արմատները կը հասնին մինչեւ Արեւմտեան Հայաստանի սիրտը՝ Վան, ուր 1885-ին հիմնուած էր հայ առաջին քաղաքական լուրջ կազմակերպութիւնը՝ Արմենական կուսակցութիւնը։ 

Չօպանեանի, Թէքէեանի, Թէրզիպաշեանի նման գործիչներու շուրջ բոլորուած փարիզաբնակ մտաւորականներու կազմած Հայ Ազգային Ազատական Միութեան նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք, ՌԱԿ-ը որպէս բաղկացուցիչ տարրեր իր մէջ կ՚ընդգրկէր նախապէս Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութիւն, Միացեալ Հայ Յեղափոխական կուսակցութիւն, Գաղափարակցական Միութիւն եւ Հայ Սահմանադրական Ռամկավար կուսակցութիւն, Ազգային Ռամկավար կուսակցութիւն եւ Ազատական կուսակցութիւն անունով գործած կազմակերպութիւնները։ 

Նորաստեղծ կուսակցութեան շուտով պիտի յարէր նաեւ Թիֆլիս հիմնուած եւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ գործող Հայ Ժողովրդական կուսակցութիւնը։ Այս բոլորը թուարկեցինք ցոյց տալու համար թէ որքա՜ն ջլատուած ուժերով կը գործէին անոնք եւ որքա՜ն կարեւոր էր անոնց միաձուլումը մէկ կազմակերպութեան երդիկին տակ։ 

 Վերոյիշեալ քաղաքական ուժերուն ընդհանուր յայտարարը, բայց մանաւանդ հաւատոյ հանգանակը ազատական ռամկավարութիւնն էր, անսակարկ հայրենասիրութիւնը, քաղաքական իրապաշտութիւնը եւ միասնականութեան ոգին։ Անոնք կը մերժէին ընկերային-դասակարգային պայքարի գաղափարներն ու վարդապետութիւնները։ 

Եկէք պահ մը վերյիշենք թէ ովքե՞ր էին այն երախտաւորները, որոնք հիմնեցին Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը՝ Աւետիս Թէրզիպաշեան, Արամ Ինճիճեան, Գրիգոր Պէօզիկեան (Շիկահեր), Միհրան Սվազլեան, Հրաչ Երուանդ եւ Լութֆիկ Գույումճեան։ Չմոռնանք նաեւ հայ ազատագրական պայքարին զինուորագրուած եւ հերոսական էջեր կերտած անունները Մուշի եւ Չորք Մարզպանի ինքնապաշտպանութեան հերոս Մխօ Շահէնին, Վանի հերոսամարտի ռազմական զօրավար Արմենակ Եկարեանին, Վանի հերոսամարտի ղեկավարներէն Փանոս Թէրլէմէզեանին, հայ ազատագրական պայքարի նուիրեալ Ապահ Պետրոսեանին, Արմենական զինեալ խումբերու կազմակերպիչ Սեպուհին, Արարայի յաղթական ճակատամարտի կերտիչներէն Ճիմ Չանգալեանին, Հայկական լէգէոնի կազմակերպիչներէն եւ «Որբերու հայրիկ» Ռուբէն Հերեանին, Մուսա լերան հերոսամարտի ղեկավար Եսայի Եաղուպեանին, Մուսա լերան հերոսներէն եւ Կիլիկիոյ ազատագրութեան ռազմիկ Պետրոս Տմլաքեանին եւ Ամանոսի լեռներու քաջ մարտիկ Աւետիս Չաւուշին։ 

Առիթ է նաեւ ոգեկոչելու անունները այն մեծերուն, որոնք միս ու արիւն տուին կուսակցութեան եւ կերտեցին անոր ազգային նկարագիրը․ ահա՛ անոնցմէ ոմանք՝ Վահան Թէքէեան, Արշակ Չօպանեան, Արտակ Դարբինեան, Միհրան Տամատեան, Հրաչ Երուանդ, Վահան Մալէզեան, Արշակ Ալպոյաճեան, Լեւոն Մկրտիչեան, Յովհաննէս Պօղոսեան, Էօժէն Բաբազեան եւ ուրիշներ։

Հետագայ տարիներուն կուսակցութեան եւ անոր ստեղծած Թէքէեան Մշակութային Միութեան դիմագիծ եւ սփիւռքահայ զանգուածներուն առաջնորդութիւն տուած երախտաւորներէն յիշենք Համբարձում Պէրպէրեանը, Միքայէլ Նաթանեանը, Անդրանիկ Անդրէասեանը, Փրոֆ․ Բարունակ Թովմասեանը, Մկրտիչ Մսըրլեանը, Յակոբ Դաւիթեանը, Գերսամ Ահարոնեանը, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանը եւ Հայկաշէն Ուզունեանը։ Իբրեւ գերազանցապէս ազգային կուսակցութիւն, անցնող մէկ դարուն ՌԱԿ-ի աշխարհատարած շրջանակները, մի՛շտ հաւատարիմ մնալով որդեգրուած սկզբունքներուն եւ գծուած ուղեգիծին, գործեցին ի նպաստ հայութեան գերագոյն շահերուն, ջատագովը մնալով ազգային միասնութեան։ Սփիւռքահայ կեանքի կազմակերպում, ազգային կառոյցներու եւ հաստատութիւններու ժողովրդավարացում, հայապահպանում, Հայ Դատի հետապնդում, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ սատարում, մանաւանդ հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդում, ահա' ասոնք եղան լայնահուն գործունէութեան ասպարէզները։

Կուսակցութիւնը հայրենասիրութիւն եւ ազգային հպարտութիւն ներշնչեց հայ նորահաս սերունդներուն, գործնապէս սատարեց հայրենիքի բարգաւաճումին, մասնակցեցաւ հայրենաշինութեան, հայրենադարձութեան, ազգաշէն բազմաթիւ այլ ծրագիրներու եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման: 

Իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն Հայ Դատի հետապնդումը սահմանած ըլլալով որպէս գլխաւոր նպատակներէն մին, ՌԱԿ-ը միշտ մասնակցութիւն բերած է Հայոց ցեղասպանութեան համագաղութային ոգեկոչումներուն եւ պահանջատիրական նախաձեռնութիւններուն: Կուսակցութիւնը մասնակցած է Ազգային Խորհուրդներու եւ Համաշխարհային Հայկական Քոնկրէսի գործունէութեանց, Ամերիկայի թէ Ֆրանսայի մէջ, ինչպէս նաեւ հիմնած է Հայ Իրաւանց Խորհուրդը։ Իր փայլուն մտաւորականութեամբ եւ հեղինակաւոր մամուլով, ՌԱԿ-ը հայ քաղաքական միտքի անդաստանը հարստացուցած է յառաջադէմ գաղափարներով, միեւնոյն ատեն սփիւռքահայ հաւաքականութիւնները առաջնորդած է ազգային-հայրենասիրական ոգիով։  

Կիպրոսի մէջ, Սեպտեմբեր 1995-ին գումարուած ՌԱԿ 19-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովը ճակատագրական եղաւ կուսակցութեան նորագոյն ժամանակաշրջանի պատմութեան համար։ Հակառակ այդ Պատգամաւորականին կողմէ օրինաւորապէս եւ միաձայնութեամբ ընտրուած Կեդրոնական Վարչութեան գոյութեան, ներքին կուսակցական սուր տագնապ մը ստեղծուեցաւ հետագային, որուն պատճառով պառակտուեցաւ կուսակցութիւնը։ Ասիկա աննախընթաց երեւոյթ մըն էր կուսակցութեան համար, որ իր պատմութեան ընթացքին երբե՛ք չէր դիմագրաւած նման կացութիւն մը։ 

Հայաստանի անկախութեան հռչակումը նոր իրողութիւններ ստեղծած էր համայն հայութեան կեանքին մէջ։ Հայաստանի մէջ որդեգրուած էր բազմակուսակցական դրութիւնը եւ հայ դասական կուսակցութիւններն ալ  հայրենադարձութեան ճամբան բռնած էին։ Մոնթրէալի մէջ Ապրիլ 1991-ին գումարուած ՌԱԿ 18-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի որոշումով հիմնուած էր Հայաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որ իբրեւ առանձին կուսակցութիւն արձանագրուեցաւ յարգելու համար Հայաստանի պետական օրէնքները։

Ինչպէս պատմութենէն գիտենք, ՌԱԿ-ի արեւելահայ արմատները ամուր էին։ ՌԱԿ-ի բաղկացուցիչ հոսանքներէն Ժողովրդական կուսակցութեան ղեկավարները՝ Համբարձում Առաքելեան, Սամսոն Յարութիւնեան, Տիգրան Հախումեան, Միքայէլ Բաբաջանեան, Լէօ, Ստեփան Մալխասեան եւ ուրիշներ, քաղաքական կարկառուն դէմքեր էին Անդրկովկասի մէջ։ Կուսակցութիւնը երեսփոխաններ ունեցած էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ։ Ընդդիմադիր ըլլալով հանդերձ, Ժողովրդականները, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետ, մաս կազմած էին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորած համախոհական՝ քոալիսիոն կառավարութեան, ստանձնելով արդարադատութեան, հանրային կրթութեան, ելեւմուտի եւ պարէնաւորման նախարարական կարեւոր պաշտօնները։ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան պատմութիւնը ուսումնասիրած հեղինակաւոր կարգ մը պատմաբաններու գնահատումով, Ժողովրդական կուսակցութեան նախարարները հանրապետութեան կառավարութեան յառաջադէմ բարեփոխիչներու հոսանքը կը ներկայացնէին։ 

Նորանկախ Հայաստանի հանրապետութեան առաջին տարիներուն ՀՌԱԿ-ը եղած էր զօրաւոր կուսակցութիւններէն մէկը, մասնակցելով Անկախութեան Հանրաքուէին եւ նախագահական թէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Յիշենք, թէ ՀՌԱԿ մէկն էր հայաստանեան այն հինգ կուսակցութիւններէն, եւ միակը հայ աւանդական կուսակցութիւններուն մէջ, որ ստորագրած էր 10  Յուլիս 1991 թուակիր Անկախութեան Հանրաքուէին «Այո» ըսելու պատմական նշանակութեամբ կոչը։ 

1991-1995 տարիներուն ՀՌԱԿ Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի (Խորհրդարան) մէջ ունեցաւ 19 հոգինոց երեսփոխանական պլոք մը, դառնալով երեսփոխաններու թիւով երկրորդ ուժը խորհրդարանէն ներս։ ՀՌԱԿ Հայաստանի մէջ ռամկավար-ազատական գաղափարախօսութիւնը, ազատ շուկայի տնտեսութեան եւ ընդհանրապէս ժողովրդավարական սկզբունքները տարածող հիմնական ուժերէն մէկն էր, գործնապէս մասնակցելով տնտեսական թէ քաղաքական բարեփոխումներուն։ ՀՌԱԿ-ի գոյառումէն յետոյ էր որ Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուէին ռամկավարութիւն եւ ազատականութիւն դաւանող տասնեակ կուսակցութիւններ: Բոլոր տուեալները կային հաստատելու, թէ ՀՌԱԿ-ի գոյառումով կ՚իրականանար Հայաստանի մէջ պետական կուսակցութիւն դառնալու ռամկավար ազատականներուս երազը։ Բայց ցաւ ի սիրտ, ՀՌԱԿ նոյնպէս, ինչպէս ՌԱԿ-ը, պառակտումներու ենթարկուեցաւ։ Դժբախտաբար, իրականութիւն չդարձաւ ՌԱԿ-ը հայաստանակեդրոն զօրաւոր կուսակցութեան վերածելու բոլորիս ձգտումը։ 

Բայց չկարծուի թէ կուսակցական տագնապը յատուկ էր միայն ՌԱԿ-ին։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները եւ ազգային թէ հոգեւոր բոլոր կառոյցները, Հայաստանի թէ սփիւռքի տարածքին, առաւել կամ նուազ չափով անցած են ու տակաւին կ՚անցնին գաղափարական թէ կազմակերպական տագնապներէ ու ցնցումներէ։ Անկախութենէն աւելի քան երեք տասնամեակ ետք, Հայաստանի մէջ տակաւին կայացած չէ կուսակցական լիարժէք համակարգը։ Ընտրութենէ ընտրութիւն հրապարակ կ՚իջնեն անհատներու, կամ մեծահարուստներու շուրջ համախմբուած գաղափարազուրկ, պոռոտախօս եւ ժամանակաւոր շահեր հետապնդող մարդ-կուսակցութիւններ, իրենց անիրականանալի ու երազատես խոստումներով։

Գալով կուսակցութեան լիբանանեան կառոյցին, հակառակ խժդժութիւններուն եւ պառակտումներուն, Լիբանանի շրջանակը քաղաքական յաջողութիւններ ալ ունեցաւ անցնող քառորդ դարուն։ ՌԱԿ-ը Լիբանանի 2000-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ներկայացուց ատենի ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ ընկ․Յակոբ Գասարճեանի թեկնածութիւնը, որ մաս կազմելով նահատակ Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի գլխաւորած «Պէյրութի Արժանապատուութիւն» ցանկին, ընտրուեցաւ երեսփոխան։ Տասնամեակներ շարունակ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ըլլալու իրաւունքէն զրկուած կուսակցութիւնը ի վերջոյ իր երեսփոխանը կ՚ունենար խորհրդարանին մէջ։

ՌԱԿ-ի արձանագրած ընտրական յաջողութիւնը ոգեւորած էր կուսակցական շարքերը եւ մեծապէս նպաստած ներքին միասնականութեան վերականգնումին ու լիբանանեան տեղական քաղաքական կեանքի խճանկարին մէջ կուսակցութեան ներկայութեան ու վարկի բարձրացումին։ Ընտրական այս յաջողութիւնը կրկնուեցաւ նաեւ 2005-ին, Գասարճեանի երկրորդ անգամ ընտրութեամբ, Սաատ Հարիրիի գլխաւորած ցանկով։ Այս եւ այլ յաջողութիւններ կուսակցութեան պարզած տխուր վիճակի ընդհանուր խորապատկերին մէջ դրական աննախընթաց զարգացումներ էին։ 

Արդարութիւն ըրած ըլլալու համար պէտք է արձանագրել թէ՝ հակառակ Լիբանանի ներքին քաղաքական տագնապներուն, տնտեսական փլուզումին, նաւահանգիստի պայթումին, պատերազմական վիճակներուն, գաղութի նօսրացումին եւ տակաւին կուսակցական ներքին խլրտումներուն, Լիբանանի Շրջանակը, գնահատելի ճիգերու շնորհիւ, կանգուն մնաց եւ հետագային համերաշխական մթնոլորտի մը ստեղծումով վերազարթօնքի նշաններ ցոյց տուաւ։ Նուիրեալ ընկերներ, փորձելով դարմանել ցաւալի ներքին հակամարտութիւններուն պատճառով յառաջացած խորունկ վէրքերը, այսօր լծուած են Շրջանակի վերականգնումի շնորհաւորելի գործին։  

Մեր ներքին վէճերը եւ պառակտումները որեւէ արդարացում չունին այլեւս, եթէ երբեք որոշած ենք տակաւին գործել հայ հանրային կեանքէն ներս։ Եթէ տակաւին ընելիք ու տալիք ունինք մեր ժողովուրդին, եւ վստահ եմ այո՛, ուրեմն պէտք է յստակօրէն վերաբանաձեւենք մեր նպատակ-հիմնակէտերը, գծենք մեր գործունէութեան սահմանները, նկատի ունենալով ներազգային թէ համաշխարհային յարափոփոխ պայմաններուն թելադրած նոր իրողութիւնները։

Մեզի համար գուրգուրանքի եւ հոգատարութեան արժանի կը մնան կուսակցութեան հիմնադիր այրերուն եւ հետագային կազմակերպութեան վարկ, հեղինակութիւն եւ հմայք պարգեւած երախտաւորներուն ստեղծած ազգային-գաղափարական մնայուն արժէքները եւ հայրենասիրութեան անգերազանցելի դպրոցը։ Կուսակցական կառոյցին ապագան ի՛նչ դասաւորում ալ ունենայ, մենք նախանձախնդրութեամբ պէտք է պահենք ու փայփայենք այդ արժէքները։ Գաղափարական մեր մտածողութիւնը եւ գործելակերպը ափսոս է որ կորսուի։ Զայն պէտք է պահել որեւէ պարունակի, կառոյցի կամ ձեւի մէջ։ 

Հայաստանի անկախ պետականութեան կառուցման շարժընթացը, 44-օրեայ աղէտալի պատերազմը, հազարամեայ հայկական Արցախի կորուստը, Հայաստանի դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները զգաստութեան կը հրաւիրեն բոլորս, մեզմէ պահանջելով ուժերու կեդրոնացում եւ գերլարում։ Հետեւաբար, իբրեւ պետականութիւն, ժողովուրդ թէ կազմակերպուած ուժ, բոլորս ունինք մեր պատասխանատուութիւնները, պարտականութիւնները եւ յանձնառութիւնները։

Հայրենիքէն չեն նեղուիր։ Իշխանութիւններ քննադատել՝ այո՛, բանավիճիլ անոնց հետ՝ այո՛, բայց երբեք կռնակ դարձնել հայրենիքին։ Մեր հիմնադիրները մեզի սորվեցուցած են սիրել հայրենիքը, անսակարկ եւ աննախապայման, սատարել անոր անկախ ամէն ինչէ։ Մեր միակ ունեցածն է։ Առանց հայրենիքի, սփիւռքի ուծացումը շատ աւելի արագ կ՛ընթանայ։ Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, հակառակ վարչաձեւի նկատմամբ մեր գաղափարական տարակարծութիւններուն, կառչած մնացինք հայրենիքի գաղափարին ու սերտ կապեր հաստատեցինք մայր երկրին հետ, ա՛լ ուր մնաց հիմա, երբ ազատ ու անկախ է Հայաստանը։ Յիշենք մեր կարգախօսը՝ «Միշտ հայրենիքին եւ ժողովուրդին հետ, հայրենիքին եւ ժողովուրդին համար»։

Այս իմաստով որքա՜ն բարացուցական են ՌԱԿ-ի «Դաւանանք եւ Ուղեգիծ»-ի հետեւեալ տողերը․․․․«Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը մօտէն կը շահագրգռուի Մայր Հայրենիքի յարաճուն բարգաւաճութեամբ, կը ջանայ խանդավառել Գաղթահայութիւնը Հայաստանի մշակութային եւ տնտեսական վերելքով, եւ կը ջատագովէ հայ ժողովուրդին ազգահաւաքը Մայր Հայրենիքին մէջ։ 

Հիմա, աւելի քան երբեք, թեւ ու թիկունք պէտք է ըլլանք Հայաստանի Հանրապետութեան, հայ հաւաքականութիւնները ներշնչենք հայրենի պետութեան գոյութեան հպարտութեամբ, սփիւռքի մէջ զարգացնենք ազգային ոգին եւ գիտակցութիւնը, հակառակ բոլոր տեսակի յուսախաբութիւններուն եւ յուսալքումներուն։ Պէտք է մերժել սփիւռքի մէջ հայրենիքի մասին վախճանատեսական քարոզչութեան տարածումը։

Սիրելի ներկաներ,

Այսօր անշուշտ տօնական են մեր տրամադրութիւնները եւ զգացումները։ Հետեւաբար, այլ առիթներու թողլով կուսակցութեան վերջին երեսուն տարիներու վերիվայրումներու, տկարացումի եւ ջլատումի երեւոյթներու պատճառներուն ախտորոշումը, եկէ՛ք դրական տրամադրութիւններով աւարտենք այսօրուան հանդիսութիւնը, պանծացնենք գաղափարական մեր ընտանիքին նախահայրերը, արժեւորենք պատմական մեր անցեալը, վերանորոգենք ազգային ծառայութեան մեր ուխտը եւ նուիրուինք ազգաշահ գործունէութեան: 

Ուրեմն կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը, կեցցէ՛ Հայաստանի հանրապետութիւնը եւ կեցցէ՛ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու կոչուած Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը։

Շնորհակալութիւն։