Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովի առաջին օրը եւրոպացի առաջնորդները չեն կրցած համաձայնութեան գալ Ուքրանիոյ օգնելու համար սառեցուած ռուսական աւանդներն օգտագործելու հարցով: Այնուամենայնիւ, անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են Քիեւին տրամադրել 90 միլիառ եուրօ վարկ՝ Եւրոպական Միութեան ընդհանուր պիւտճէէն:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթան յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովի մասնակիցները որոշած են 2026-2027 թուականներուն Ուքրանիոյ տրամադրել 90 միլիառ եուրօ ֆինանսաւորում:
Reuters-ի տուեալներով՝ Ուքրանիան այդ վարկը պէտք է մարէ միայն այն բանէ ետք, երբ Ռուսիան Քիեւին փոխհատուցում վճարէ պատերազմի պատճառած վնասներու համար: Եթէ Մոսկուան հրաժարի փոխհատուցել, Եւրոպական Միութիւնը պիտի օգտագործէ սառեցուած ռուսական աւանդները` Ուքրանիոյ պարտքը մարելու համար, ըսած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը: