image
Հրատապ լուրեր:

Մեկնարկած են «Fly Kish» օդանաւային ընկերութեան Թեհրան-Երեւան- Թեհրան երթուղիով թռիչքները

Մեկնարկած են «Fly Kish» օդանաւային ընկերութեան Թեհրան-Երեւան- Թեհրան երթուղիով թռիչքները

«Fly Kish» օդանաւային ընկերութիւնը սոյն թուականի դեկտեմբեր 19-էն մեկնարկած է Թեհրան-Երեւան- Թեհրան երթուղիով թռիչքները:

Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմենիա» միջազգային օդանաւակայաններ» ընկերութիւնը։

Թռիչքները պիտի կատարուին շաբթական 2 չուերթ յաճախականութեամբ՝ իւրաքանչիւր երկուշաբթի եւ ուրբաթ:

Տոմսերու առկայութեան, վերջիններուս ձեռքբերման եւ այլ մանրամասնութիւններու համար այցելել օդանաւային ընկերության կայք՝ flykish.com  կամ կապ հաստատել տեղական զբօսաշրջային գործակալութիւններու հետ: