image

Թրամփ հիասթափուած է Ռուսիայէն եւ առաջիկայ օրերուն «կարեւոր յայտարարութեամբ» հանդէս պիտի գայ

Թրամփ հիասթափուած է Ռուսիայէն եւ առաջիկայ օրերուն «կարեւոր յայտարարութեամբ» հանդէս պիտի գայ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն զէնքեր կ'ուղարկէ Ուքրանիա ՆԱԹՕ-ի միջոցաւ։ Ան նաեւ նշած է, որ հիասթափուած է Մոսկուայէն եւ Ռուսիոյ հարցով 14 յուլիսին շատ «կարեւոր յայտարարութիւն» պիտի ընէ։ Այս մասին ան ըսած է NBC News-ին տուած հարցազրոյցին։

«Մենք զէնքեր կ'ուղարկենք ՆԱԹՕ-ին, եւ ՆԱԹՕ-ն կը վճարէ այդ զէնքերուն համար 100%-ով։ Մենք Patriot-ներ կ'ուղարկենք ՆԱԹՕ-ին, իսկ յետոյ ՆԱԹՕ-ն կը բաշխէ զանոնք», - Թրամփի խօսքերէն մեջբերած է NBC News-ը։

Ըստ տեղեկութիւններուն, Միացեալ Նահանգները դադրեցուցած է որոշ տեսակի զէնքերու մատակարարումները Քիեւին՝ սեփական պաշարներու սղութեան պատճառով։ Սակայն 8 յուլիսին Թրամփ յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն պաշտպանական սպառազինութիւն պիտի ուղարկէ Ուքրանիա Ռուսիոյ առաջխաղացման ֆոնին։ Թրամփ վերջին օրերուն բազմիցս յայտարարած է, որ գոհ չէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն։

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ կ'ուսումնասիրէ ամերիկացի քանի մը ծերակուտականներու առաջարկած օրինագիծը, որով թիրախ պիտի դառնայ Ռուսիոյ դրամատնային համակարգը, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ եւ մաքսատուրքեր պիտի սահմանուին այն պետութիւններուն նկատմամբ, որոնք կ'աջակցին Ռուսիոյ պատերազմին Ուքրանիոյ մէջ։

«Ես հիասթափուած եմ Ռուսիայէն, - անգամ մը եւս ըսած է Թրամփ NBC News-ին։ - Կը կարծեմ՝ երկուշաբթի օր ես կարեւոր յայտարարութիւն պիտի ընեմ Ռուսիոյ հարցով»։